Հալէպի Վրայ Հրթիռային Յարձակումը 11 Զոհ Խլեց

By Asbarez | Tuesday, 16 April 2019

0416Aleppo

ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Կիրակի, 14 Ապրիլին, Հալէպի ոստիկանութենէն աղբիւր մը հաղորդեց, որ Հալէպի հիւսիսային արուարձանին մէջ կայք հաստատած զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ իրարայաջորդ հրթիռային յարձակումներով թիրախ դարձուցին քաղաքի կարգ մը շրջանները, որուն հետեւանքով զոհուեցան աւելի քան 11 քաղաքացիներ եւ վիրաւորուեցան նոյնքան ուրիշներ:

Ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծեցին յատկապէս Հալէպի Նիլ եւ Խալտիէ շրջանները:

Յիշեցնենք, որ Հալէպի հիւսիսային արուարձանին մէջ կայք հաստատած են զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, որոնք Թուրքիոյ զօրակցութիւնը կը վայելեն եւ յաճախ հրթիռակոծման կ՛ենթարկեն Հալէպ քաղաքը եւ յարակից գիւղերը:

comments

Advertisement