By Asbarez | Friday, 17 May 2019
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան գրաւոր յայտարարութիւն մը տարածեց Թուրքիոյ մէջ հայաստանցի 13ամեայ պատանիին՝ իսլամութիւն ընդունելու աղմկայարոյց միջադէպին վերաբերեալ:
Աթէշեան յայտարարութեան մէջ կը նշէ, որ այս ցաւալի միջադէպը անընդունելի է ոչ միայն հայ համայնքին, այլ իսլամական համայնքի շարք մը շրջանակներու կողմէ:
Վերջինս տեղեկացուց, որ իր հետ կապ հաստատած է այդ հաղորդումը վարած Նիհաթ Հաթիպօղլու՝ պնդելով, որ հայ երեխան ինքնակամ եկած է հաղորդումին՝ աւելցնելով, որ քրիստոնէութիւնը կամ հայերը նուաստացնելու նպատակ չէ ունեցած:
Ապա Աթէշեան շարադրած է դէպքին վերաբերեալ Հաթիպօղլուին յայտնած իր դիրքորոշման հետեւեալ դրոյթները.
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը խորհուրդ տուաւ պոլսահայ համայնքին, որ զարգացումներուն հետեւի հանդարտօրէն՝ աւելցնելով, որ Թուրքիոյ կրօնական գործերու վարչութեան ղեկավար Ալի Էրպաշ խոստացած է հետաքննել այս հարցը:
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ Մարդկային իրաւունքներու կազմակերպութիւնը յայտարարեց, որ Արթուր անունով հայ պատանին «կրօնափոխ ըրած» իսլամի քարոզիչ եւ հաղորդավար Հաթիպօղլուի դէմ դատական հայց պիտի ներկայացնէ:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian