Հայ Մասնագէտներու Խումբ Մը Մեկնեցաւ Սուրիա

By Asbarez | Friday, 07 June 2019

0606syriaaid

Սուրիոյ ժողովուրդին մարդասիրական մասնագիտական օժանդակութիւն ցուցաբերելու նպատակով՝ ականազերծողներէ, բժիշկներէ եւ անոնց անմիջական անվտանգութիւնը ապահովող հայ մասնագէտներէ բաղկացած խումբ մը 4 Յունիսին մեկնեցաւ Սուրիա:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ հայ մասնագէտները, բացառապէս ռազմական գործողութիւններէ զերծ բնակավայրերու մէջ պիտի ծաւալեն մարդասիրական ականազերծման, բնակչութեան հակաականային իրազեկման եւ բժշկական ծառայութիւններու մատուցման գործունէութիւն:

Նշենք, որ հայ մասնագէտներու Սուրիա տեղափոխութեան եւ ապահովութեան վերաբերեալ հարցերը իրականացած են Ռուսիոյ կողմին աջակցութեամբ:

comments

Advertisement