Պաքուեցի Հայ Մը Նշանակուեցաւ Քիեւի Շրջանային Կուսակալ

By Asbarez | Thursday, 04 July 2019

0000haykiev

Ուքրանական լրատու աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ 35ամեայ հայ քաղաքական գործիչ Միխայիլ-Պնօ Հայրիեան նշանակուեցաւ Քիեւի շրջանային կուսակալ։ Երկրին նախարարաց խորհուրդը վաւերացուց երկրին եօթը շրջաններուն մէջ նոր կուսակալներ նշանակելու որոշումը եւ Քիեւի շրջանի կուսակալի պաշտօնը յանձնեց Միխայիլ-Պնօ Հայրիեանին։

Հայազգի գործիչը ծնունդով պաքուեցի է։ Ան Մոսկուայի մէջ համալսարանական ուսում ստանալէ ետք շրջան մը աշխատած է Ուքրանիոյ մէջ Ռուսաստանի դեսպանատան մէջ։ 2010-2013 թուականներուն ան եղած է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խորհրդական, իսկ յաջորդող տարիներուն՝ երկրի ուժանիւթի նախարարութեան ռազմավարական ծրագիրներու եւ Եւրոպայի հետ համարկումի բաժինի պատասխանատուն։

comments

Advertisement