Փայլան Ցեղապաշտութեամբ Մեղադրեց Ազգայնամոլ Նախկին Երեսփոխանը

By Asbarez | Wednesday, 10 July 2019

0710garo_paylan

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութենէն հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան արձագանգեց Ազգայնական շարժում կուսակցութեան անդամ եւ նախկին երեսփոխան ու քաղաքական յայտնի գործիչ Սինան Օղանի նորագոյն յայտարարութիւններուն, որոնք դարձեալ հակահայ բնոյթ ունին։

Արդարեւ, Օղան դժգոհութիւն յայտնած էր, որ Կարսի, Վանի եւ Իկտիրի քաղաքապետարաններուն մէջ վերջերս յաճախակի կերպով կը հիւրընկալուին հայկական զանազան պատուիրակութիւններ։ Ըստ անոր՝ անիկա դիպուած չէ։ Օղան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ նման այցելութիւններ յաճախակի դարձան այն օրէն, երբ քաղաքապետական ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք՝ այդ քաղաքներուն մէջ յաղթեցին քրտամէտ կուսակցութեան ներկայացուցիչները։

Փայլան այլատեացութեամբ մեղադրեց Օղանը եւ հետեւեալ տողերով պատասխանեց անոր. «Ցեղապաշտները ժողովուրդներու միջեւ բաժանարար գիծեր քաշելով՝ ատելութեան քաղաքականութիւն կ՛իրականացնեն։ Մինչդեռ, ժողովրդավարներ, խաղաղութեան կամուրջներ հիմնելով՝ անընդունելի կը գտնեն այդ գիծերուն գոյութիւնը։ Դուք ցեղասպաշտ թուրք ազգայնամոլ էք։ Իսկ մենք կը հաւատանք ժողովուրդներու եղբայրութեան եւ այնպէս պիտի ընենք, որ ժողովուրդներ անպայման գիրկընդխառնուին»։

comments

Advertisement