Կիպրահայերու Ցոյցը Մելգոնեան Վարժարանի Վերաբացման Պահանջով

By Asbarez | Thursday, 11 July 2019

0000MELKONIAN1

3էն 6 Յուլիս, պաշտօնական այցելութեամբ Կիպրոս կը գտնուէր Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Հայաստան-Կիպրոս միջխորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Մխիթար Հայրապետեան:

Պաշտօնական շարք մը հանդիպումներէ ետք, Հայաստանի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը 5 Յուլիսի երեկոյեան այցելեց Կիպրոսի հռչակաւոր Մելգոնեան կրթական հաստատութիւնը, որ փակուած էր 2005ին:

Յատկապէս այս այցելութեան առթիւ, կիպրահայեր բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին ընդդէմ ՀԲԸՄի կողմէ դպրոցի փակման որոշման: Ցուցարարները, որոնց մաս կը կազմէին նաեւ Միացեալ Նահանգներէն եւ Եւրոպայէն ժամանած մելգոնեանցիներ, նշեցին, որ Հայաստանի յեղափոխութիւնէն ետք կ՛ակնկալեն նաեւ յեղափոխութիւն Սփիւռքի մէջ եւ կարելի չէ թոյլ տալ, որ կատարուի Սպիտակ ջարդ:

«Օտար հողի վրայ հայը հա՛յ պահողը մայրենի լեզուն ու մշակոյթն են. ինչպէ՞ս կարելի է փակել հայկական դպրոց մը, որուն այդքան կարիքը ունի ոչ միայն կիպրահայ համայնքը, այլեւ անբարենպաստ աշխարհաքաղաքական պայմաններու մէջ գտնուող տարածաշրջանը», նշեցին բողոքի ցոյցին մասնակցոները:

Ազդեցիկ ելոյթով հայ պատգամաւորներուն դիմեց Մելգոնեան համաշխարհային նախաձեռնութեան հիմնադիր-նախագահուհի Արսինէ Շիրվանեան. ան հայկական կրթական հաստատութիւններու, հայ ինքնութեան պահպանման, հզօրացման ու այդ ուղղութեամբ աննահանջ պայքարի կոչ յղեց ամբողջ աշխարհի հայութեան:

Պատուիրակութեան անդամները իրենց համակրանքը յայտնեցին պայքարող սրտցաւ հայորդիներու զգացումներուն նկատմամբ ու խոստացան աւելի մօտէն ուսումնասիրել հարցի լուծման տարբերակները՝ ընդգծելով, որ դպրոցի հարցը հայկական օրակարգին վրայ է:

Աւելցնենք, որ բողոքի ցոյցին մասնակցեցան նաեւ կիպրացի պաշտօնատարներ, ծանօթ կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Մելգոնեանի յարգին ու արժէքին գիտակից քաղաքացիներ:

 

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

comments

Advertisement