Միացեալ Նահանգներէն Հայաստան Փոխանցումները Աճած Են

By Asbarez | Wednesday, 31 July 2019

gold-dollar-sign

ԵՐԵՒԱՆ, «Սիվիլնեթ».- Տնտեսական զարգացման նախաձեռնութիւններու կեդրոնի հրապարակած տեղեկագիրին համաձայն՝ 2019ի առաջին եռամսեակին 2018ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ հայաստանեան դրամատուներու միջոցով անհատներու անունով արտասահմանէն եղած դրամական փոխանցումները աճած են 9.3 տոկոսով՝ կազմելով 391,47 միլիոն տոլար:

Տեղեկագիրը կը նշէ, որ 2019ի առաջին եռամսեակին, 2018ի նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած Հայաստանի դրամատուներու միջոցով անհատներու անունով Ռուսիայէն կատարուած փոխանցումները 3 տոկոսով կրճատուած են՝ կազմելով ստացուող ընդհանուր դրամական փոխանցումներուն 49.98 տոկոսը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Միացեալ Նահանագներէն եւ այլ երկիրներէ ստացուած դրամական փոխանցումներուն գումարը գերազանցած է Ռուսիայէն ստացուող դրամական փոխանցումներու գումարը: Այլ երկիրներէ դրամական փոխանցումները աճած են 23.3 տոկոսով, իսկ Միացեալ Նահանգներու պարագային՝ 29.7 տոկոսով:

Ռուսիայէն դրամական փոխանցումներու կրճատումը յստակօրէն պայմանաւորուած է նաեւ հաշուետու ժամանակահատուածին տոլարին նկատմամբ ռուբլիի՝ 16.2 տոկոսով արժեզրկումով:  Ուշագրաւ է, որ 2008էն 2018, թէ՛ տարեկան եւ թէ առաջին եռամսեակի դրութեամբ՝ Ռուսիայէն Հայաստան փոխանցումներու մասնաբաժինը ներհոսքի կառուցուածքին մէջ երբեք 50 տոկոսէն ցած չէր եղած:

Ուսումնասիրուող ժամանակահատուածի դրամական փոխանցումներու արտահոսքը աւելցած է 4.83 տոկոսով՝ կազմելով 286,62 միլիոն տոլար: Դրական ներհոսքը կազմած է 104,84 միլիոն տոլար, որ նախորդ ցուցանիշէն 23,51 տոկոսով աւելի է: Արտահոսքը գլխաւորաբար աճած է դէպի  Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ ուղարկուող դրամական փոխանցումներու պարագային (աճը կազմած է համապատասխանաբար՝ 18.2 տոկոս եւ 7.2 տոկոս), մինչդեռ այլ երկիրներու պարագային արտահոսքը կրճատուած է 7.3 տոկոսով:

Վերջին 10 տարիներուն, առաջին անգամն ըլլալով Հայաստան եկող դրամական փոխանցումներու կառուցուածքին մէջ Ռուսիոյ մասնաբաժինը եղած է նուազագոյնը։

comments

Advertisement