Քիմ Քարտաշեան Մտադիր Է Հայաստանի Մէջ Աշխատատեղեր Ստեղծել

By Asbarez | Saturday, 28 September 2019

 Քիմ Քարտաշեան

Քիմ Քարտաշեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայ նշանաւոր մոտել, ամերիկեան պատկերասփիւռի աշխարհի յայտնի դէմքերէն Քիմ Քարտաշեան «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրած է, որ շուտով Հայաստան պիտի այցելէ, ուր պիտի մնայ երկու շաբաթ։

«Յոյս ունիմ, որ կարելի կ՛ըլլայ գտնել ուղիներ, որոնցմով պիտի կարենամ օգնել ընդլայնելու առեւտուրը եւ ստեղծելու աշխատատեղեր հայերու համար»:

Քարտաշեանի ակնարկութիւնը կը վերաբերի մարմինը շտկող Skims ներքնազգեստի արտադրութիւն հիմնելուն:

comments

Advertisement