Ադամեանի Կօլերուն Շնորհիւ Հոֆենհայմը Յաղթեց Պայերնին

By Asbarez | Tuesday, 08 October 2019

1008Atamyan

ՄԻՒՆԻԽ.- Եւրոպական երկիրներու մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած ֆութպոլի մրցումներուն ընթացքին արձանագրուեցան շարք մը անակնկալներ: Մեծագոյն եւ մեզի՝ հայերուս համար, ամէնէն յատկանշականը Գերմանիոյ ֆութպոլի հսկայ «Պայերն Միւնիխ»ի պարտութիւնն էր իր իսկ դաշտին վրայ, ձեռամբ՝ «Հոֆենհայմ»ի:

Օրուան հերոսն էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ նշանակեց «Հոֆենհայմ»ի երկու կօլերը:

comments

Advertisement