Սուրիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի հաղորդագրութիւնը

By Aztag Daily | Friday, 11 October 2019



Դարերէ ի վեր ծանօթ ըլլալով Թուրքիոյ անցեալին ու ներկային, ամբողջովին ըմբռնած ըլլալով անոր վարած ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը եւ մարդկային բոլոր չափանիշներէ զուրկ գործելաոճը, անսպասելի չթուեցաւ Թուրքիոյ ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ:

Ամբողջ շրջանի ապահովութիւնը վտանգող այս յարձակումը, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հեղինակութեամբ, նոր սկիզբ կը դնէ միջազգային օրէնքներու եւ մարդկային իրաւունքներու ոտնահարման Թուրքիոյ բազմաբնոյթ արարքներուն: Այսօր, երբ սուրիական տագնապի լուծման համար ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ քաղաքական լուրջ աշխատանք կը ծաւալի, Թուրքիա իր նկրտումներով կրկին խոչընդոտներ կը յառաջացնէ այս ուղղութեամբ:

Թուրքիոյ այս ներխուժումով Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանի բնակչութեան բոլոր բաղադրիչները կը յայտնուին գոյութենական վտանգի դէմ յանդիման: Ուստի, Սուրիոյ Հայ դատի յանձնախումբը խստիւ կը դատապարտէ Թուրքիոյ` սուրիական հողեր ներխուժումը, հաստատելով, որ սուրիահայութիւնը, կառչած մնալով սուրիական հայրենիքին, զօրավիգ կը կանգնի անոր տարածքային ամբողջականութեան եւ Սուրիոյ պետականութեան գերիշխանութեան պահպանման:

Կոչ կ՛ուղղենք միջազգային ընտանիքին միասնական ճիգերով սանձելու դարերու ընթացքին իր գործած ոճիրներուն համար անպատիժ մնացած Թուրքիոյ ոտնձգութիւնները` կանխելու համար մարդկային նոր աղէտներ:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Հալէպ, 10 հոկտեմբեր 2019

comments

Advertisement