Հայ Դատը Կողջունէ Հայաստանին 60 Միլիոն Տոլարի Ամերիկեան Նպաստը

By Asbarez | Tuesday, 05 November 2019

 

1105ANCA_Comment_USaid

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան 4 Նոյեմբերին ողջունեց 2019ին Հայաստանին տրամադրուող ամերիկեան աջակցութիւնը 60 միլիոն տոլարի հասցնելու մասին Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կատարած յայտարարութիւնը, նոյն ժամանակ կոչ ընելով դեսպանատան, որ ներկայացուած եւ ներկայացուելիք աջակցութեան մանրամասնութիւնները տրուին, յատկապէս շեշտը դնելով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւններուն միջեւ տարբերութիւններուն վրայ։

Երկուշաբթի օր, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսի յայտարարեց, որ 2019ի ամերիկեան պետական ամավարկով Հայաստանին տրամադրուող աջակցութիւնը 40 տոկոսի աճ արձանագրելով՝ պիտի հասնի 60 միլիոն տոլարի։

Թրէյսի նշեց, որ նպաստները կը տրամադրուին արտաքին գործոց նախարարութեան, Միջազգային զարգացման բաժանմունքին, ուժանիւթի նախարարութեան, անտառային ծառայութեան բաժանմունքին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան ծրագիրներու միջոցաւ՝ աւելցնելով, որ աջակցութեան յաւելումը բնական է, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ ներկայիս երկրին մէջ ժողովրդավարութիւնը կը գտնուի ցարդ իր բարձրագոյն մակարդակին վրայ։

Գումարներ պիտի տրամադրուին զեղծարարութեան դէմ պայքարին, ապահովութեան երաշխաւորման, ուժանիւթի ծրագիրներու, անգլերէնի դասաւանդման, անտառներու պահպանութեան, մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ քաղաքացիական հասարկութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ կառավարութիւնը աւելի թափանցիկ եւ հաշուետու դարձնելու ջանքերուն համար։

Միւս կողմէ, Հայ Դատը մօտէն կը հետապնդէ այն լուրերը, ըստ որոնց, Ատրպէյճանի տրամադրուող ամերիկեան ռազմական աջակցութիւնը հսկայական ոստում մը արձանագրած է, 2019ի ամավարկին մէջ՝ հասնելով 42.9 միլիոն տոլարի, ինչ որ խախտում մըն է Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ռազմական հաւասար աջակցութիւն տրամադրելու պայ-մանին, նկատի ունենալով, որ Հայաստանին միայն 2.8 միլիոն տոլարի աջակցութիւն տրամադուած է նոյն ժամանակամիջոցին։

Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը այս գծով նամակ մը յղեց գործադիր իշխանութեան՝ մտահոգութիւն յայտնելով, որ նման քայլ մը մղիչ ուժ մը պիտի դառնայ, որ Ատրպէյճան նոր յարձակումներու դիմէ Հայաստանի եւ Արցախի վրայ։ Նամակը կարելի է կարդալ http://anca.org/assets/pdf/092719_Armenian Caucus_MilitaryAid.pdf կայքէջին վրայ։

comments

Advertisement