Մասիս Մայիլեան Հանդիպումներ Ունեցաւ Քոնկրեսականներու Եւ Հայ Դատի Յանձնախումբին Հետ

By Asbarez | Thursday, 07 November 2019

1102mayilian-Congressmen

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, որ Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի եւ ներկայ եղաւ Ներկայացուցիչներու տան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւի քուէարկութեան, կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ։

Արդարեւ, 1 Նոյեմբերին Մայիլեանի գլխաւորած Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը առանձին հանդիպումներ ունեցաւ հայ-ամերիկեան օրակարգին առնչուող Քոնկրեսի յանձնաժողովներու ղեկավարներուն եւ անդամներուն հետ: Ան բարձր գնահատեց Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրներու հաստատուն աջակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին շարունակական պայքարին՝ յանուն ազատութեան, խաղաղութեան եւ հայրենի հողին վրայ արժանապատիւ կեանքի:

Տեղի ունեցաւ միտքերու փոխանակում՝ Քոնկրեսին մէջ Արցախի շահերու յառաջմղման ուղղուած հեռանկարային նախաձեռնութիւններուն շուրջ: Երկուստեք կարեւոր նկատեցին Արցախի մէջ, Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ, մարդասիրական ծրագիրներու շարունակականութեան ապահովումն ու ընդլայնումը, ինչպէս նաեւ՝ նոր զարգացման ծրա-գիրներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Քոնկրեսականներուն խնդրանքով, Մասիս Մայիլեան անդրադարձաւ Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին եւ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման վերջին զարգացումներուն, Արցախի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին ու զինադադարի դրութեան պահպանման ուղղութեամբ հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերուն: Այս պարունակին մէջ քոնկրեսականները վերահաստատեցին, որ պիտի շարունակեն աշխատիլ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ կայունութեան ապահովման ուղղութեամբ:

Քոնկրեսի անդամները պատրաստակամութիւն յայտնեցին շարունակելու ջանքերը՝ միտուած Արցախի ապամեկուսացման եւ կայուն զարգացման:

Հանդիպումներուն մասնակցեցան նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ Դաւիթ Մելքումեանը, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեանը:

comments

Advertisement