Բակօ Սահակեան Պրիւքսէլի Մէջ Այցելեց Հայ Դատի Եւրոպայի Յանձնախումբի Գրասենեակ

By Asbarez | Friday, 08 November 2019

1108Pago-Hay Tad

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 7 Նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ այցելեց Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակ, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանի եւ աշխատակիցներուն հետ։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը:

Քննարկուեցան Արցախ-Սփիւռք կապերուն, եւրոպական տարբեր հարթակներու վրայ Արցախի մասին ճշմարտացի տեղեկատուութեան ներկայացման եւ այլ ոլորտներուն առնչուող շարք մը հարցեր:

Նախագահը բարձր գնահատեց Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի աշխատանքը՝ Արցախի սատարման վերաբերող, եւ յոյս յայտնեց, որ կառոյցը նոյն եռանդով կը շարունակէ իր հայրենանուէր գործունէութիւնը:

comments

Advertisement