Հայերը Հոն Ահաբեկիչ Կորակուին. Փայլան

By Asbarez | Friday, 20 December 2019

1220paylan

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլան մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան 2020ի ամավարկի քննարկման ընթացքին քննադատած էր Թրքական պատմագիտական եւ Թրքական լեզուաբանական հիմնարկները, որոնց գրաւոր պատասխանը եկած էր:

Նախարար Մեհմետ Էրսոյի ստորագրութեամբ պատասխանին մէջ կը նշուի, որ Թրքական պատմագիտական հիմնարկը միայն Թուրքիոյ պատմութեան շուրջ աշխատանքներ չ՛իրականացներ:

Փայլան իր գրաւոր դիմումին մէջ կը նշէր, որ այդ հիմնարկներուն աշխատանքները ցոյց չեն տար Թուրքիոյ բազմամշակութային էութիւնը, իսկ թուրքերէն բացի՝ այլ ժողովուրդներու համար կատարուած աշխատանքները զուրկ են առակայական ըլլալէ եւ ակնյայտ թշնամական ուղղուածութիւն ունին:

«Թրքական պատմագիտական հիմնարկի ղեկավարութիւնը միայն Թուրքիոյ պատմութիւնը չ՛ուսումնասիրեր: Քիւրտերու, հայերու, ասորիներու եւ այս հողերուն վրայ ապրող այլ ազգերու կողքին Անատոլիոյ մէջ բնակած խէթերու, ասորիներու, բիւզանդացիներու, հռոմէացիներու եւ լիտիացիներու վերաբերեալ եւս աշխատանքներ կը տարուին», կը նշուի նախարարութեան պատասխանին մէջ, որուն հակադարձեց Փայլան՝ պատասխանելով, որ «20րդ դարու առաջին կէսին հայ-թրքական յարաբերութիւններու միջազգային գիտաժողով»ին ընթացքին հայերու հասցէին թշնամական որակումներ կու տային եւ այդ ժողովին եզրափակիչ յայտարարութեան մէջ հայերը կ՛որակէին իբրեւ ահաբեկիչ:

«Հայերը ահաբեկիչ կ՛անուանէք, եւ կան ատելութեան խօսքեր: Ինչպէ՞ս կը բացատրէք այդ», նախարարութեան ուղղուած հարցադրման մէջ նշած էր Փայլան:

comments

Advertisement