Հայաստանէն Երկու Թոն Բժշկական Նպաստ Հալէպին

By Asbarez | Tuesday, 25 August 2020

0825Aleppo

ԵՐԵՒԱՆ, «Եռագոյն»․- Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան բժշկական խումբը 24 Օգոստոսին, Հալէպի մէջ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան համագործակցութեամբ, Հալէպի բժշկական հաստատութիւններուն փոխանցեց առաւել քան 2 թոն բժշկական եւ առողջապահական իրեր: Այս մասին կը փոխանցեն Մարդասիրական ականազերծման եւ փորձագիտական կեդրոնէն:

Տեղւոյն առողջապահութեան ոլորտի պատասխանատունները  շնորհակալութիւն յայտնեցին հայ բժիշկներուն` տրամադրուած բժշկական պարագաներուն եւ «Հայ ծերանոց», «Դարմանատուն», «Բեթել» ընկերաբժշկական կեդրոններուն, շարք մը այլ բժշկական հաստատութիւններու մէջ ցուցաբերած բժշկական ամէնօրեայ օժանդակութեան համար:

Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Հայաստանի իշխանութիւններուն, առողջապահական մարմիններուն` առաջին իսկ օրերէն անոնց ցուցաբերած օգնութեան համար։

Հայաստանի մարդասիրական խումբը Սուրիոյ Օգնութեան խաչի վարչութեան համագործակցութեամբ՝ Հալէպի հայ համայնքին պատկանող «Ազգային պատսպարան» մանկատան սաներուն փոխանցեց նաեւ անհրաժեշտ իրեր եւ ուտելիք:

comments

Advertisement