Կոչ՝ Զօրակցինք Արցախին

By armenia.com.au | Wednesday, 30 September 2020



Սիրելի՛ Հայրենակիցներ,

2020 Սեպտեմբերի 27-ի վաղ առաւօտեան ժամերուն բոլորս ականատես եղանք այնպիսի վայրագութեան մը, որ այս անգամ ոչ թէ ուղղուած էր Հայաստանի եւ Արցախի սահմանային շրջագծին, այլ նաեւ կը հասնէր անոր անմեղ բնակչութեան:

Դժբախտաբար այս կացութեան հետեւանքով հայկական բանակը եւ հայկական շրջանները վնասներու ենթարկուեցան: 

Զօրակոչ տեղի ունեցաւ եւ բազմաթիւ կամաւորական խումբեր սկսան ուղղուիլ սահման: 

Նկատի առնելով այս բոլոր իրողութիւնները, այսօր դարձեալ մենք՝ Աւստրալիոյ հայկական երեք յարանուանութիւնները, երեք քաղաքական կուսակցութիւնները եւ հայկական բոլոր ազգային կառոյցները.- 

• Կոչ կ’ուղղենք մեր ժողովուրդին շարունակել գործել միասնական, համահայկական հաստատակամութեամբ աջակցիլ հայկական բանակին եւ շարունակել Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման պահանջատիրութիւնը:

• Կոչ կ’ուղղենք միջազգային հանրութեան դատապարտել Թուրք-Ազերիական  յարձակումներն ու զինուորական գործունէութիւնները, որոնք կը վտանգեն թէ՛ Արցախի եւ թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեանց սահմաններն ու բնակչութիւնը: 

• Կոչ կ’ուղղենք բարձրաձայն եւ միասնական պահանջներով ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի եւ  Մինսկի խմբակներու մաս կազմող երկիրներուն ճնշում բանեցնել, կասեցնելու Թուրք-Ազերիական յարձակումները:

Առ այդ, բոլոր անոնք որոնք կը փափաքին նիւթական օժանդակութեամբ զօրավիգ կանգնիլ Արցախին, կրնան իրենց մասնակցութիւնը բերել այցելելով կայքէջը Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամին (https://www.himnadram.org/) որուն միջոցով պիտի կատարուի դրամահաւաքի գործընթացը:

Եւ վերջապէս սիրելի՛ Հայրնակիցներ, եկէ՛ք ինչպէս 1988-ի Արցախեան պահանջատիրութեան սկզբնական օրերուն, այսօր եւս մեր միացեալ յայտարարութեամբ դարձեալ «ամէն բանէ վեր պահպանենք մեր ժողովուրդի միութիւնը, որուն մէջ է մեր զօրութիւնը եւ հեռատեսութեամբ հետապնդենք մեր գերագոյն շահերը»:

Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Աւստրալիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցի
Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանական Եկեղեցի
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ
Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Վարիչ Մարմին
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Օգնութեան Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ
Աւստրալիոյ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Աւստրալիոյ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն
Աւստրալիոյ Թէքէյեան Մշակութային Միութիւն
Աւստրալիոյ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւն
ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալիոյ Տխրունի Երիտասարդական Միութիւն
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալիոյ ՀԲԸՄ-ի Երիտասարդական Միութիւն
Աւստրալահայութեան Օժանդակութեան Աղբիւրներու Կեդրոն
Արմենիա Մետիա Մամլոյ եւ Տեղեկատուական Ընկերակցութիւն
Աւստրալիոյ մէջ Արցախի Հանրապետութեան Մշտական Ներկայացուցչութեան Գրասենեակ

comments

Advertisement