Պոլսահայութիւնը Անհանգիստ Է Թիրախ Դառնալու Հարցով

By Asbarez | Thursday, 01 October 2020

0930Bolis

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր»․- Ատրպէյճանական նախայարձակ գործողութիւններուն հետեւանքով Արցախի հետ սահմանագիծին վրայ տեղի ունեցող լայնածաւալ պատերազմական գործողութիւններուն ի տես՝ Թուրքիայէն հնչող բազմաթիւ հակահայ յայտարարութիւնները թիրախ կը դարձնեն այդ երկրի հայ քաղաքացիները, ըսաւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան  պատգամաւոր Կարօ Փայլան:

Փայլան այս գծով խորհրդարանին ներկայացուցած է Թուրքիոյ փոխնախագահ Ֆուաթ Օքթային հասցէագրուած գրաւոր հարցապնդում մը, որուն մէջ մասնաւորապէս ըսած է.

«-Երբ ամբողջ աշխարհը հրադադարի կոչ կ՛ընէ, մենք ինչո՞ւ պատերազմի կոչ կ՝ընենք:

«- Արդեօք ճի՞շդ է այն պնդումը, ըստ որուն Թուրքիա Սուրիայէն զինեալներ ղրկած է Ատրպէյճան:

«- Մենք թէ՛ հայ եւ թէ ատրպէյճանցի քաղաքացիներ ունինք, ինչո՞ւ ատրպէյճանցին իբրեւ եղբայր կը դիտարկէք, իսկ հայը՝ իբրեւ թշնամի: Տեղեա՞կ էք, որ հայ ժողովուրդին ուղղուած ձեր ատելութեան խօսքերը, հայ քաղաքացիները թիրախ կը դարձնեն»:

Իր կարգին, «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագիր Էդուարդ Տանձիկեան իր կարգին ըսաւ հետեւեալը. «Թուրքիոյ հայերը կը զգան սլաքներուն դէպի իրենց ուղղուիլը եւ այդ անշուշտ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ անոնց մէջ»:

Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչատան գլխաւոր խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ նշեց, որ Թուրքիոյ անցեալը լի է բռնութեամբ, սպանութիւններով, ջարդերով, կոտորածներով եւ մահափորձերով, որոնց պատճառով միշտ վախ կայ, որ այստեղ հնչեցուած ատելութեան խօսքը կրնայ գործողութեան վերածուիլ:

«Հայերն ալ այդ վախը ուղիղ կը զգան իրենց վրայ: Առանց այդ ալ պարփակուած, իր մէջ ամփոփուած համայնք է: Հասարակական ցանցերու կամ այլ միջավայրերու մէջ այդ խօսքերը լսելով հայերուն մէջի վախերը կը բազմապատկուին, եւ կեանքը քիչ մը աւելի դժուար կը դառնայ», ըսաւ Քոփթաշ:

comments

Advertisement