Այս Ողբերգութեան Մէջ Մենք Չենք Կրնար Ըլլալ Միայն Հանդիսատես․ Եւրոպական Խորհրդարանի Փոխնախագահ

By Asbarez | Thursday, 01 October 2020

0930Castaldo

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ․- Եւրոպական խորհրդարանի փոխնախագահ, Եւրոպական Միութիւն- Հայաստան գործընկերութեան, Եւրոպական Միութիւն-Ատրպէյճան համագործակցութեան խորհրդարանական յանձնախումբերուն մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան անդամ Ֆապիօ Մասիմօ Քասթալտօ արցախեան տագնապի սրման լոյսին տակ յայտարարութիւն մը հրապարակեց։

«Խստօրէն կը դատապարտեմ շարունակուող բռնութիւնները եւ, մասնաւորաբար, ատրպէյճանական ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի շրջանին մէջ իրականացուող զինուորական գործողութիւնները։ Անխտիր զինուորական յարձակումի անընդունելի օգտագործումը, որ բազմաթիւ զոհերու եւ վիրաւորներու յանգեցուցած է նոյնիսկ խաղաղ բնակչութեան մէջ, արմատապէս կը խաթարէ խաղաղութեան հոլովոյթի վերսկսման կարելիութիւնը», յայտարարութեան մէջ կ՛ըսէ Քասթալտօ։

comments

Advertisement