* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Հայ, Քիւրտ Եւ Յոյն Համայնքները Թուրքիոյ Մէջ Քիւրտերու Սպանութիւնը Քննելու Կոչ Կ՛ընեն

Wednesday, 11 January 2012     |    |   

Source: Asbarez
Tags: anca, usa

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական, քրտական եւ յունական համայնքներու ներկայացուցիչները Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին յղած են նամակ մը, որուն մէջ անդրադարձած են անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 28ին թուրք-իրաքեան սահմանին վրայ տեղի ունեցած այն միջադէպին, որուն ընթացքին թրքական օդուժը 35 քիւրտ քաղաքայիններ սպաննած էր։

Անգարա աւելի ուշ յայտարարած էր, թէ տեղի ունեցածը թիւրիմացութիւն էր. թուրք զինուորները կարծելով որ սահմանին մօտ հաւաքուածները ահաբեկիչներ են՝ կրակ բացած են անոնց վրայ։

Երեքշաբթի, Յունուար 10 թուակիր նամակի հեղինակները Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կոչ ըրած են ճնշում բանեցնելու նախագահ Պարաք Օպամայի վրայ, որպէսզի հետաքննութիւն կատարուի եւ պարզաբանուի, թէ արդեօք թրքական բանակը այդ յարձակումին ընթացքին ամերիկեան արտադրութեամբ սպառազինութիւն օգտագործելով՝ խախտա՞ծ է Միացեալ Նահանգներէն զէնքեր գնելու մասին օրէնքները, նկատի ունենալով, որ այդ օրէնքները կ՛արգիլեն մատակարարուած ամերիկեան սպառազինութիւնը օգտագործել խաղաղ բնակիչներու դէմ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Փենթակոնի վերահսկողութիւն կատարող յանձնախումբի ղեկավարներուն ուղղուած նամակին մէջ, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի, Ամերիկա-քրտական տեղեկատուական ցանցի ու Միացեալ Նահանգներու Հելենական ուսումնասիրութիւններու հիմնարկի ներկայացուցիչները կոչ կ՛ուղղեն հետաքննութիւն կատարել պահանջելու Օպամայի վարչակազմէն, արտահանման մասին Միացեալ Նահանգներու օրէնքի հնարաւոր խախտումներուն առնչութեամբ։

Համատեղ նամակին մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, թէ ամերիկեան «Էսոշիյէթըտ Փրէս» լրատու գործակալութիւնը, բրիտանական «Իքոնոմիս»չ, ամերիկեան «Պոսթըն Կլոպ» թերթերը, «Ռատիօ Ֆրի Եուրոփ» ձայնասփիւռի կայանն ու այլ լրատուամիջոցներ հաղորդած են, որ յարձակումը կատարուած է ամերիկեան արտադրութեամբ «Էֆ-16» ռազմական օդանաւերով։

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement