Վերջին Հրաժեշտ` Գառնիկ Մկրտիչեանին

By Aztag Daily | Wednesday, 13 January 2021

Ուրբաթ կէսօրին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ներկայացուցչական եւ ժողովրդային հոծ ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ յուղարկաւորութիւնը ազգային-կուսակցական գործիչ Գառնիկ Մկրտիչեանին, ներկայութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին:

Արարողութեան նախագահեց եւ յետ յուղարկաւորութեան հանգուցեալի մասին իր վկայութիւնները ներկայացուց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան: Ապա սրբազանը կարդաց վեհափառ հայրապետին գնահատականը` ննջեցեալ Գառնիկ Մկրտիչեանի հանրային գործունէութեան մասին: Իր կատարած ծառայութիւններուն համար Գառնիկ Մկրտիչեան յետ մահու վեհափառ հայրապետին տնօրինումով արժանացաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի կարգի շքանշանին:

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութիւնը իր կարգին յետ մահու Գառնիկ Մկրտիչեանը պարգեւատրեց ՀՄԸՄ-ի Արժանեաց շքանշանով:

Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատան մէջ` նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազան հօր: Յանուն ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան դամբանական խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան, իսկ յանուն ՀՅԴ-ի` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

Բոլոր խօսքերը ամբողջութեամբ կը հրատարակուին յաջորդիւ:

Նշենք, որ Գառնիկ Մկրտիչեանի վերջին յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան շէնքին, ՀՅԴ «Սարդարապատ» ակումբի, Ազգային առաջնորդարանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքի եւ «Շաղզոյեան» կեդրոնին առջեւ: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան շէնքին առջեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը արժանի յարգանք մատուցեց հանգուցեալի յիշատակին:

 


comments

Advertisement