* To view this website properly, download the free Armenian font here »
Advertisement
Upcoming Events »
23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details 26 May , 2012: Mayis 28 Dinner Dance with Joseph Krikorian - Click here for details 30 June , 2012: Classical Music Concert presenting Young Musical Talent - Click here for details 14 July , 2012: Reserved Date - Click here for details 04 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 05 August , 2012: Concert: Zvartnots Dance Group from LA with Armenian Sydney Dance Company - Click here for details 11 August , 2012: Blackbird - The Official Launch - Click here for details 23 May , 2012: State of Origin at the Agoomp - Click here for details

Տինքի Սպանութեան Հարցով Նոր Վճիռը Վերատեսութեան Ենթարկելու Դիմում

Wednesday, 18 January 2012     |    |   

Source: Asbarez
Tags: dink, turkey

 

ՊՈԼԻՍ, «Արմէնփրէս».- Հրանդ Տինքի սպանութեան դատավարութեան հերթական նիստը Երեքշաբթի, Յունուար 14ին տեղի ունեցաւ, եւ ինչպէս կ՛ակնկալուէր, դատարանը վճիռ արձակեց, հակառակ վերջերս բացայայտուած եւ ոստիկանութեան ու ամբաստանեալներուն միջեւ կապերը հաստատող նոր փաստերը եւս քննելու Տինքի ընտանիքի փաստաբններուն կոչերուն:

Դատարանը 2007ի Յունուար 19ին Թուրքիոյ ազգայնամոլ շրջանակներու կողմէ ահաբեկուած «Ակօս» թերթի խմբագրապետ Տինքի սպանութեան գործով՝ 25րդ նիստէն ետք վճռեց ցմահ բանտարկութեան դատապարտել Եասին Հայալին, ոճիրը կազմակերպելուն համար: Սակայն, ատեանը որոշեց անպարտ հռչակել նոյն յանցանքով ամբաստանուող Էրհան Թունճելը, որ նախապէս 10.5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած էր՝ Տրապիզոնի մէջ «McDonalds-ճաշարանի մը վրայ յարձակելուն համար:

Դատարանը նաեւ վճռեց, թէ Տինքի սպանութիւնը «որեւէ կազմակերպութեան գործը չէ»:

Դատավճիռին հրապարակումէն ետք, Տինքի ընտանիքի փաստաբան Ֆեթհիէ Չեթին յայտարարեց, թէ Տինքի սպանութեան հարցին հետապնդումը պիտի շարունակուի՝ իր դժգոհութիւնը արտայայտելով դատավճիռին նկատմամբ: Չեթին որոշած է դատավճիռը վիճարկել Վճռաբեկ դատարանին մէջ:

Նաեւ, «Հրանդի ընկերները» կազմակերպութիւնը հանդէս եկաւ հետեւեալ յայտարարութեամբ. «Այս որոշումը թրքական պետութեան որոշումն է: Ապահովական մարմիններու, հետախուզութեան, դատարանի, մամուլի, կառավարութեան, ընդդիմութեան հետ միասին, 5 տարի առաջ Հրանդը մեր մէջէն վերցնելու որոշում տուած իշխանութիւնը, նման խայտառակ վճիռ արձակեց, իր հսկողութեան տակ գտնուող արդարադատութեան սրահին մէջ»:

Յիշեցնենք, թէ Յունուար 19ին՝ Տինքի սպանութեան օրը, նշեալ կազմակերպութիւնը քայլարշաւ մը կազմակերպած է Պոլսոյ կեդրոնական «Թաքսիմ» հրապարակին վրայ:

Նախքան Երեքշաբթի օրուան դատական նիստը, դատարանի շէնքին առջեւ «Հրանդի ընկերները» ցոյց մը կատարեցին՝ պահանջելով իսկական պատասխանատուներուն բացայայտումը:

Facebook   Twitter   Technorati   Stumble Upon   Digg   Linked In  

Comments



Post your comments

* mandatory fields.
For security purposes, please copy the following characters into the textbox. Captcha

Headlines

Advertisement