Նինա Խաչիկեան Կը Նշանակուի Փենթակոնի Քաղաքական Խորհուրդի Անդամ

By Asbarez | Tuesday, 01 February 2022



ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու Լոս Անճելըսի փոխքաղաքապետ  Նինա Խաչիկեան նշանակուեցաւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան հեղինակաւոր Քաղաքական խորհուրդի անդամ։

Յիշեցնենք, որ Խաչիկեան նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ազգերու կազմակերպութեան՝ ԱՍԻԱՆի (ASEAN) մօտ Ամերիկայի դեսպան:

Խաչիկեան յատկապէս Ասիոյ մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտ է եւ «Ամերիկեան յառաջդիմութեան կեդրոն»ի ու «Ռենտ»ի նման հիմնարկներու մէջ աշխատելու կողքին՝ եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդատուի տեղակալի օգնական (1998-1999) եւ Դաշնակցային առեւտուրի յանձնաժողովի ատենապետի խորհրդատու:

Ան իրաւաբանութեան իր վկայականը ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն:

comments