Վանքուվըրի մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշակոթողին

By Asbarez | Thursday, 01 May 2014


Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Քանատայի մարմինի կազմակերպութեամբ, Վանքուվըրի հայութիւնը Ապրիլ 27ին ոգեկոչեց Ցեղասպանութեան յիշատակը:


Այս տարուան ոգեկոչման ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ «Մաունթըն Վիու» գերեզմանատան շրջափակին մէջ զետեղուած Հայկական Ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի բացումը: Վանքուվըր քաղաքի կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող յուշակոթողը կը ներկայացնէ Հայկական Ցեղասպանութեան վերապրողի մը մատնահետքի քանդակը: Յուշակոթողին վրայ գրուած է, որ անիկա զետեղուած է յարգելու համար յիշատակը 1915ին Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած Հայկական Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն անմեղ զոհերուն:

350 հայորդիներու ներկայութեամբ կայացած յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին խօսք առին Նաթան արք. Յովհաննիսեան եւ Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արմէն Եգանեան, Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի արդարութեան նախարար Սուզըն Անթոն, Քանատայի խորհրդարանի անդամներ Տան Տէյուիս եւ Ժասփիր Սանտու, նահանգային երեսփոխան եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի Նոր Դեմոկրատ կուսակցութեան ղեկավար Ատրիան Տիքս, Վանքուվըրի քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Քերի Ժանկ եւ Ռէյմընտ Լուի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տօնապետեան եւ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան, որոնք բոլորն ալ շեշտեցին թրքական պետութեան կողմէ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը:

Քանատայի ընկերային զարգացման եւ բազմամշակութային հարցերու նախարար Ճէյսըն Քենիի խօսքը փոխանցեց Քանատայի խորհրդարանի անդամ Անտրու Սաքսթըն:


comments