Սուլթանի պալատի ճարտարապետներ Պալեաններու յիշատակին փառաւոր յուշարձան-դամբարան

By Asbarez | Saturday, 24 December 2016

1217balian 1217balian1 1217balian3

18րդ եւ 19րդ դարերուն, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կառուցուած շատ մը հիասքանչ հնութիւններու հեղինակ Պալեանները տարիներ յետոյ արժանացան դամբարանի մը: Պոլսոյ գեղեցիկ ուրուագիծ պարգեւող եւ կարեւորագոյն հնութիւնները կառուցող Տոլմապահչէ պալատի ճարտարապետին՝ Կարապետ Պալեանի գերեզմանաքարը բռնագրաւման հետեւանքով անհետացած էր, սակայն վերջերս, Գրիգոր Ամիրա Պալեանին եւ Սարգիս Պալեանի հետ մէկտեղ, կը միանան Պալեաններու դամբարանին մէջ:

1 Հոկտեմբեր 2016ին, Սկիւտարի Ս. Խաչ գերեզմանատան մէջ կառուցման ենթարկուեցաւ Պալեան ընտանիքի դամբարանը: Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Թուրքիոյ մշակոյթի փոխնախարար Էօմէր Արիսոյ, Պոլսոյ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանն ու Իսթանպուլի քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ:  Դամբարանը գտնուած էր անցեալ տարի, Քարդալ շրջանի քաղաքապետարանի գործածած շինարարական կայքերէն մէկուն մէջ: Գերեզմանաքարը յայտնաբերուելէ ետք յանձնուած էր հնաբանական թանգարանին, ապա փոխադրուած, սակայն անոր աճիւնները կորսուած են, եւ այդ իսկ պատճառով ընտանեկան դամբարանին մէջ տեղ չէ գտած:

1224balian

Պոլսոյ մէջ ոչ Պալեանական յուշարձաններ

Բարերարներ Հրաչ եւ Յակոբ Քըրմըզեան եղբայրներու հովանաւորած դամբարանը գործն է ճարտարապետ Դաւիթ Այնալըի: Դաւիթ Այնալը ծրագիրը իրագործեց Պալեաններու հեղինակութեամբ կառուցուած Պեշիկթաշի գերեզմանատան Ս. Մարիամ եկեղեցւոյ ճարտարապետութեան հիման վրայ, իսկ շինարարական աշխատանքները կատարեց Նազար Պինաթլը:

Պալեաններու հրաշակերտ ստեղծագործութիւններուն արժանի այս դամբարանը մտայղացումն էր Ֆր-անսա ապրող Հրաչ Քըրմըզեանի: Դամբարանի համակարգման պատասխանատուն ճարտարապետ Գէորգ Էօզքարակէօզն էր: Հայ ճարտարապետներու միութիւնը վեց տարբեր ծրագիրներ ուսումնասիրեց եւ հաւանութիւն յայտնեց Դաւիթ Այնալըի հեղինակած ծրագիրին: Բարերար եղբայրները իրենց հօրն ու մօր՝ Վահրամ եւ Շնորհիկ Քըրմըզեաններու յիշատակին նուիրեցին այս դամբարանը, որպէս երախտագիտութեան պարտք Պալեան ընտանիքին:

Հրաչ Քըրմըզեանի խօսքերով՝ <<այսօր, աշխարհի զանազան անկիւնները սփռուած ըլլալով, ընտանիքիս անցեալը չեմ ուրացած: Ամէն անգամ որ Սկիւտարի գերեզմանատուն կ՛այցելեմ, կը հանդիպիմ Պալեաններու խեղճ դամբարանին: Անոնց զաւակները շատ մը հայերու պէս պարտաւոր եղած են լքել Իսթանպուլը եւ ընդմիշտ հեռանալ, այդ իսկ պաճառով անոնց նախահայրերուն գերեզմանը անխնամ մնացած է մինչ օրս, այս դէպքը տխրութեան պատճառ եղաւ:

1224balian1

Պոլսոյ մէջ Պալեանական յուշարձաններ

Հայ համայնքը տարիներէ ի վեր նօսրանալով, կարողութիւն չունի գերեզմանները նորոգելու: Պալեան ընտանիքը ամբողջ կեանք մը Իսթանպուլը զարդարեց, գեղեցկացուց եւ հնութիւններով օժտեց, անոնց նուազագոյն ի-րաւունքն է ունենալ յարիր դամբարան մը: Ամէն անգամ որ ա-ղօթք կարդացուի այստեղ, մոմ մը վառուի, անոնց հոգին պիտի խայտայ եւ ուրախանայ: Ճիշդ է որ Սփիւռքի մէջ կ՛ապրինք, սակայն կառչած ենք մեր հողերուն>>:

Պալեաններու դամբարանը ներ-շնչուած է հայկական եկեղեցւոյ խորանէն՝ 3 մ. սիւներով եւ կամարներով, սպիտակ մարմարիոն շինուածքով: Դամբարանին ետեւի մասին արձանագրուած են Պալեաններու հեղինակած եւ կառուցած բոլոր հիասքանչ շինութիւնները: Իսկ օգտագործուած մարմարիոն քարը Մարմարայէն բերուած է եւ կառուցուած երկու տարիներու ընթացքին:


comments