ՀՀ Վարչապետը խոստացած է ուսումնասիրել Ջաւախահայերու բարձրացուցած հարցերը

By Asbarez | Tuesday, 28 February 2017

<<Ախալցխա.նեթ>>ը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան Փետրուար 24ին, Թիֆլիսի <<Հայարտուն>> կեդրոնին մէջ պատասխանեց նաեւ Սամցխէ-Ջաւախքի հասարակական գործիչներու եւ իշխանութեան ներկայացուցիչներու հարցումերուն:

Հանդիպման սկիզբը վարչապետը, այլ հարցերու շարքին, նշած է, որ իր հանդիպումներուն ընթացքին անդրադարձած է նաեւ ջաւախահայութեան խնդիրներուն՝ առանց մանրամասնելու անոնց բովանդակութիւնը: Ապա վարչապետին հարցուցին, թէ որ հարցերը քննարկուած են ջաւախահայութեան յուզող խնդիրներէն. ան պատասխանած է, թէ քննարկուած են յատկապէս կրթութեան եւ դպրոցներուն վերաբերող հարցեր:

Վարչապետին ներկայացուած ջաւախահայութիւնը յուզող խնդիրներէն էին դպրոցներու դասագիրքերուն հարցերը, ուսուցիչներու վերապատրաստման եւ երիտասարդներու համար պետական կրթական համալսարաններու մէջ արտօնութիւններ տալու հարցերը: Տրուած հարցերուն շարքին եղան նաեւ Վրաստանի ինքնաշարժով Հայաստանի մէջ գտնուելու սահմանափակ ժամկէտի հարցերը, որ եւ կը մտահոգէ Սամցխէ-æաւախքի հայ ազգաբնակչութիւնը:

Վարչապետին խօսքերով՝ անոնք հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած են հայկական դպրոցներուն համար յատկացուող դասագիրքերու հարցերը եւ պէտք է, որ այս տարի դասագիրքերուն քանակը աւելի շատ ըլլայ քան նախորդ տարիներուն: Ըստ Վարչապետին՝ այդ նպատակով կը նախատեսուի հանդիպում Վրաստանի եւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարներուն միջեւ:

Անդրադառնալով Վրաստանի ինքնաշարժներով Հայաստանի մէջ սահմանափակ ժամանակով գտնուելու հարցին, որ յատկապէս կը յուզէ ջաւախահայերը՝ վարչապետը յայտնած է, որ ինք կողմնակից է, որ Վրաստանի հետ բոլոր սահմանային սահմանափակումները հանուին եւ այդ հարցը եւս քննարկման կարիք ունի:

Կարէն Կարապետեան, խոստացած է անպայման ուսումնասիրել բարձրացուած հարցերը:

Հանդիպման մասնակիցները, օգտուելով առիթէն, իրենց շնորհակալութեան խօսքը յայտնած է վարչապետին, այս տարուան Փետրուարի սկիզբը սահմանային մուտքի արտօնագիրին համար վճարուող գումարի չեղարկման համար:

 

comments

Advertisement