Կը մնանք միշտ զօրակից Արցախի անկախութեան ու մասնակից անոր հզօրացման - կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

By Asbarez | Tuesday, 07 March 2017



Շաբաթ առաւօտ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, Արամ Ա. կաթողիկոս գոհունակութիւն յայտնեց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նախաձեռնութեամբ եւ ֆինանսաւորումով Մարտակերտի շրջանին մէջ կառուցուած Նոր Կիլիկիա գիւղի 15 բնակարաններ արդէն իսկ յանձնուած են ընտանիքներու:

Վեհափառ հայրապետը յատկապէս իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ յիշեալ բնակարանները տրամադրուած են Մարտակերտի շրջանի Կիջան եւ Նոր Ղազանչի համայնքներու զոհուած ազատամարտիկներու, ինչպէս նաեւ բազմազաւակ ընտանիքներու: Յայտնենք, որ սկզբնական շրջանին արդէն իսկ կառուցուած ու բնակիչներու յանձնուած են 10 բնակարաններ, ինչպէս նաեւ վերանորոգուած է միջնակարգ դպրոցը, եւ ապա` 32 բնակարաններ վերանորոգուած են:

Այս առիթով վեհափառ հայրապետը նախագահին յայտնեց, թէ ինք թելադրած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թեմերուն, որ շարունակեն Նոր Կիլիկիա գիւղը աւելի զարգացնել ու ճոխացնել նոր բնակարաններու եւ համայնքային անհրաժեշտ կեդրոններու շինութեամբ:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին նախագահ Սահակեան վեհափառ հայրապետը տեղեակ պահեց Արցախի ներքին ընդհանուր կացութեան, սահմաններու իրավիճակին եւ Արցախի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն մասին: Վեհափառ հայրապետը խնդրեց նախագահ Սահակեանէն, որ իր հայրական ողջոյնը, աղօթքն ու զօրակցութիւնը փոխանցէ Արցախի ազատամարտիկներուն, որոնք քաջօրէն կը պաշտպանեն Արցախի անկախութիւնն ու ապահովութիւնը: Ապա վեհափառ հայրապետը վստահեցուց, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը նոյն ոգիով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր ամբողջական աջակցութիւնն ու մասնակցութիւնը բերել Արցախի անկախութեան ու հզօրացման նպաստող բոլոր աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

 

 

comments

Advertisement