Հայաստանի քաղաքացի Հանթսմընի որդին՝ Ռուսիոյ մօտ Ամերիկայի դեսպան

By Asbarez | Friday, 10 March 2017

0311Huntsman

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ճան Հանթսմըն կրտսերը համաձայնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի առաջարկին՝ զբաղեցնելու Ռուսիոյ մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնը. այս մասին կը տեղեկացնէ <<Նիւ Եորք Թայմզ>> թերթը:

Հանթսմըն 2005-2009 թուականներուն եղած էր Եութայի նահանգապետ, իսկ 2009-2011 թուականներուն՝ Չինաստանի մօտ Ամերիկայի դեսպան: Անոր նշանակումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ։

Հանթսմընի հայրը՝ Ճան Հանթսմըն, յայտնի է իր հայամէտ գործունէութեամբ: Ան մեծապէս աջակցած է Հայաստանին, 1988ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք: Ան եւ իր ընտանիքի անդամները 25 տարուան ընթացքին 46 անգամ այցելած են Հայաստան: Բարեգործական ծրագիրներով, ան Հայաստանին տրամադրած է առնուազն 50 միլիոն տոլար: Ճան Հանթսմընի տրամադրած կրթաթոշակներուն շնորհիւ, մեծ թիւով հայ ուսանողներ ուսած են Եութայի համալսարանին մէջ: Անոր բարեսիրական արարքներուն շնորհիւ, Ճան Հանթսմընի շնորհուած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն եւ երկու պատուոյ շքանշան:

 



comments

Advertisement