By Asbarez | Thursday, 16 March 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Ակօս>> - Չորեքշաբթի, 15 Մարտին կայացաւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական ընտրութիւններու առաջին քայլը՝ տեղապահի ընտրութիւնը:
Տեղապահ ընտրուեցաւ Գերմանիոյ առաջնորդ Գարեգին արք. Պէքչեանը: Պոլսոյ նահանգապետարանը, սակայն, միջամտեց պատրիարքական ընտրութիւններու գործընթացին՝ տեղապահի ընտրութիւնները համարելով <<իրաւականօրէն>> անընդունելի: Նահանգապետարանի միջամտութեան առնչութեամբ՝ յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ընտրուած տեղապահ Պէքչեանը:
Ընտրութիւններու արդիւնքները յայտարարուելէ ետք, Արամ արք. Աթէշեան լրագրողներուն եւ ներկաներուն բաժնած է Պոլսոյ նահանգապետարանէն ստացուած գրութիւն մը, ուր կը նշուի, թէ պատրիարքական ընտրութիւններ իրականացնելը իրաւականօրէն անհնա՛ր է:
Հակազդելով նահանգապետարանի այս միջամտութեան, նորընտիր տեղապահը հանդէս եկած է յայտարարութեամբ, ուր ան նշած է, որ Արամ արք. Աթէշեան ու Սահակ եպս. Մաշալեան պատրիարքութիւնը ներկայացնող խումբ մը անձնաւորութիւններու հետ պիտի այցելեն նահանգապետարան:
<<Ես նահանգապետարան պիտի չերթամ: Այցին ընթացքին մերինները տեղապահի ընտրութիւններու տրամաբանութիւնը պիտի բացատրեն: Այնուհետեւ յայտարարութիւն պիտի կատարուի: Ասիկա քանի մը օր պիտի տեւէ, եւ ես այդ ընթացքին այստեղ պիտի ըլլամ>>, յայտնած է Պէքչեան:
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian