Վարչապետ Կարէն Կաարապետեան հանդիպեցաւ Սուրիահայերու հետ

By Asbarez | Tuesday, 28 March 2017

 

0328syrianarmenians

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան, կառավարութեան շէնքին մէջ, հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ ապրող սուրիահայերու հետ:

Հանդիպման ներկայ էին մեծ թիւով սուրիահայեր, որոնց ողջունեց Հայաստանի վարչապետը՝ առաջարկելով լսել անոնց հարցերը եւ պատասխաններ տալ անոնց:

Վարչապետը իր խօսքին մէջ գնահատեց Հայաստան հաստա-տած սփիւռքահայերը՝ շեշտելով, որ անոնք նոր որակ բերին Հայաստանին, յատկապէս սպասարկման ոլորտէն ներս:

Սուրիահայերը շնորհակալութիւն յայտնեցին վարչապետին հանդիպումը կազմակերպելուն համար եւ ներկայացուցին որոշ առաջարկներ, ինչպէս՝ փոքր եւ միջին գործարարութեան հաստատման, գիւղատնտեսութեան եւ բնակարանաշինութեան վերաբերեալ:

Սուրիահայ ուսանողները, իրենց հերթին, շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայաստանի կառավարութեան, իրենց ուսման վարձավճարներու 50 տոկոսը վճարելուն համար:

 



comments

Advertisement