Հայաստանի մէջ ընտրութիւնները դիտարկելու քայլով որեւէ շահ չենք հետապնդեր

By Asbarez | Saturday, 01 April 2017

0000EGOYAN

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի մէջ Ազգային ժողովի յառաջիկայ ընտրութիւնները դիտարկելու համար Սփիւռքէն Հայաստան ժամանած յայտնի հայերը քաղաքացիներուն կոչ կ՛ընեն՝ անպայման մասնակցելու ընտրութիւններուն եւ տէր կանգնելու իրենց քուէին:

Մարտ 31ին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամերիկահայ յայտնի ռոք երգիչ, System of a Down  խումբի մեներգող Սերժ Թանքեան ընդգծեց, որ մեծ պատիւ է իրեն համար գտնուիլ Հայաստան եւ դիտորդական առաքելութիւն իրականացնելու ճանապարհով մասնակցիլ ընտրութիւններուն:

<<Մեր նպատակը, նախ եւ առաջ, մեր հայրենակիցները ներշնչելն է, որ անոնք երթան եւ քուէարկեն: Ընտրութիւններուն չմասնակցիլը ես ճիշդ չեմ համարեր: Ես կը հաւատամ, որ ժողովուրդն է ուժը եւ ժողովուրդն է տէրը այս բոլորին>> նշեց Թանքեան:

Սերժ Թանքեան յայտնեց նաեւ, որ իրենք Հայաստանի ընտրութիւնները դիտարկելու քայլով որեւէ շահ չեն հետապնդեր, անկուսակցական են եւ անկողմնապահ>>:

Գանատահայ դերասանուհի Արսինէ Խանճեան, իր կարգին, Հայաստանի քաղաքացիներուն կոչ ըրաւ գիտակցելու, որ իրենց ձայնը կրնայ փոփոխութեան ձայնը ըլլալ: <<Մի մտածէք, որ ձեր ձայնը անիմաստ է: Անպայման մտածեցէք, որ ձեր ձայնը իմաստ ունի: Շատ կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր անձ հասկանայ, որ իր մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն շատ կարեւոր է>>, նշեց Խանճեան:

 



comments

Advertisement