Սարգիս Եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ՝ Համա-ՀՄԸՄական 10րդ Մարզախաղերու Պատուոյ Նախագահ

By Homenetmen | Saturday, 20 May 2017

0520hmem

ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ ուրախութեամբ կը տեղեկացնէ, որ Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերու Պատուոյ նախագահութիւնը ստանձնած են Աւստրալիայէն տէր եւ տիկին եղբ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեանները:

Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեան ամոլը ծանօթ ու ճանչցուած անուն մըն է ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ ընտանիքին ու յատկապէս ՀՄԸՄի Աւստրալիոյ շրջանին համար:

Եղբ. Սարգիս Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ է: 1999-2007, ան երկու շրջան մաս կազմած է ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան: Արժանացած է ՀՄԸՄի «Արժանեաց» շքանշանին՝ 12 Հոկտեմբեր 2013ին: Ան արժանացած է նաեւ ՀՄԸՄի «Արտակարգ» պատուանշանին՝ 6 Դեկտեմբեր 1995ին:

Եղբ. Սարգիս Տէր Պետրոսեան ծնած է Աղեքսանդրիա (Եգիպտոս) եւ փոքր տարիքէն անդամակցած է «Կամք» Մարմնամարզական եւ հայ հետազօտիչներու ընկերակցութեան ակումբին (այժմ՝ ՀՄԸՄ «Կամք»), իբրեւ գայլիկ, ապա՝ սկաուտ, բարձրանալով սկաուտական գրեթէ բոլոր աստիճանները, մինչեւ խմբապետութիւն, միաժամանակ հետեւելով կարգ մը մարզաձեւերու: 1964ին, ան կը տեղափոխուի Աւստրալիա եւ կը հաստատուի Սիտնիի արեւելեան շրջանը: Կ՛անդամակցի ՀՄԸՄի Սիտնիի այդ օրերու նորակազմ մասնաճիւղին, որ ներկայիս կը կոչուի «Անդրանիկ» մասնաճիւղ: 1968ին կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը՝ Ալիս Միրզայեանի հետ: Կը բախտաւորուին երկու զաւակով՝ Մակի եւ Աւօ, կը հարստանան երեք թոռներով:

1965-1981, եղբ. Սարգիս Տէր Պետրոսեան ՀՄԸՄի «Անդրանիկ» մասնաճիւղին մէջ ստանձնած է վարչական եւ յանձնախմբային պատասխանատու զանազան պաշտօններ: 1981ին, Սիտնիի արեւելեան շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատած ՀՄԸՄական խումբ մը եղբայրներու հետ կը հիմնէ «Կամք» մասնաճիւղը եւ կը յաջողի հաւաքավայր մը ապահովել մասնաճիւղի աշխատանքներուն համար: Ան երկար տարիներ ձեռնահասօրէն կը վարէ «Կամք» մասնաճիւղի ատենապետութեան պաշտօնը եւ 1995-1997 կը ստանձնէ ՀՄԸՄի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:

Եղբ. Տէր Պետրոսեան ջերմ ջատագովը եղած է ու կը մնայ նորահաս սերունդի հայապահպանութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան անփոխարինելի աւանդին՝ իր կնիքը դրոշմելով Համազգայինի Գոլստըն Ճեմարանի ազնուասիրտ բարերարներու շարքին:

Տէր եւ տիկ. եղբ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններ ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն նախագահութիւնը ստանձնելով՝ պատուաբեր նոր էջով մը կը հարստացնեն իրենց միութենական նուաճումները:

 

ՀՄԸՄի

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


comments

Advertisement