Արցախի նախագահը կը պարգեւատրէ Ազդակ օրաթերթը

By Asbarez | Tuesday, 13 June 2017

0613aztag1

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 9 Յունիսին ընդունեց <<Ազդակ>>ի գլխաւոր խմբագիր եւ տնօրԷն Շահան Գանտահարեանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Արցախ-Սփիւռք կապերուն առնչուող հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն դարձուեցաւ տեղեկատուական ծիրին մէջ փոխադարձ գործակցութեան հետագայ խորացման եւ ընդլայնման:

Երկրին ղեկավարը Շահան Գանտահարեանին յանձնեց <<Երախտագիտութիւն>> մետալը, պարգեւատրելով <<Ազդակ>>ը՝ երկարամեայ ազգանպաստ գործունէութեան համար:
Նախագահ Սահակեան բարձր գնահատեց <<Ազդակ>>ի գործունէութիւնը՝ նշելով, որ անիկա կարեւոր եւ հայրենանուէր առաքելութիւն կը կատարէ:

 


0613aztag


comments

Advertisement