Կիպրոսի նախագահը Անթիլիաս կ՛այցելէ

By Asbarez | Thursday, 15 June 2017

0615cyprus

<<ԿԻՊՐԱԿԱՆ ՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԱՏԵՐԸ ՈՒՆԻՆ ՆՈ՛ՅՆ ՆՊԱՏԱԿԸ՝ ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ՆՈ՛ՅՆ ՀԱՍՑԷՆ՝ ԹՈՒՐՔԻԱ>>. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Չորեքշաբթի, 14 Յունիս 2017ի առաւօտ, Անթիլիասի Մայրավանք այցելեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Անասթասիատիս: Նախագահի պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Կիպրոսի արտաքին, ներքին, տնտեսութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարները, ինչպէս նաեւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներ:

Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանի դահլիճին մէջ ընդունեց Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահը: Վեհափառին կողքին, ընդունելութեան ներկայ էին Օշական արք. Չօլոյեան, Գեղամ արք. Խաչերեան, Շահան արք. Սարգիսեան, Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ներկայ էին նաեւ պետական երկու նախարարներ՝ Աւետիս Կիտանեան՝ զբօսաշրջութեան նախարարը, Ժան Օղասափեան՝ կնոջական հարցերու նախարար, եւ երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Արթիւր Նազարեան, Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան եւ Սերժ Թուրսարգիսեան, Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամներ տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեան, Տիգրան Ճինպաշեան, Սուրէն Սարգիսեան ու Վիգէն Գասապեան, ինչպէս նաեւ հայկական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ:

Ողջունելով նախագահին ներկայութիւնը՝ վեհափառ հայրապետը ըսաւ. <<Պատմական կապեր ունեցած են մեր երկու ազգերը, եկեղեցիները եւ երկիրները: Այդ կապերը աւելի շեշտուեցան Կիլիկեան շրջանին, յատկապէս՝ քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս>>: <<Մեր երկու ժողովուրդներուն գործակցութիւնը տնտեսական շահերու վրայ չէ հիմնուած, այլ հաւաքական արժէքներու, սկզբունքներու եւ ձգտումներու վրայ հիմնուած է>>, աւելցուց հայրապետը:

Ապա, ան յայտնեց, թէ մեր երկու ժողովուրդները ունին հաւաքական դատ. Կիպրական Դատ եւ Հայ Դատ: <<Այս երկու դատերը ունին նոյն նպատակը՝ արդարութիւն, եւ նո՛յն հասցէն՝ Թուրքիա՛: Ցեղասպան նոյն Թուրքիան մեր երկու ժողովուրդները ջարդած է եւ արմատախիլ դարձուցած իր հողերէն: Մենք պիտի շարունակենք միասին աշխատիլ միջազգային ընտանիքէն ներս, որպէսզի արդարութիւն ցուցաբերուի մեր երկու ժողովուրդներուն>>, շեշտեց վեհափառ հայրապետը: Ան նաեւ ողջունեց Կիպրոսի ու Հայաստանի միջեւ զարգացող տնտեսական ու դիւանագիտական կապերը: Հուսկ, հայրապետը իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց նախագահին՝ Կիպրոսի հայ համայնքին ցուցաբերած յատուկ հոգածութեան համար, եւ ըսաւ, թէ ինչպէս իր նախորդներուն, նաեւ այս նախագահին այցելութիւնը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մայրավանք, աւելի պիտի ամրապնդէ մեր ժողովուրդներուն ու եկեղեցիներուն պատմական բարեկամութիւնը:

Իր խօսքի աւարտին, հայրապետը արծաթապատ կողքով <<Նարեկ>> մը նուիրեց նախագահին:

Կիպրոսի նախագահը, իր կարգին խօսք առնելով՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանէն ներս: Ան անդրադարձաւ յոյն եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի ու Կիպրոսի միջեւ զարգացող գործակցութեան:

Նախագահ Անասթասիատիս ապա յիշեց իր կատարած այցելութիւնը Հայաստան եւ նախագահ Սերժ Սարգիսեանի այցելութիւնը՝ Կիպրոս: Ան ողջունեց վեհափառ հայրապետին կարեւոր դերը միջկրօնական մարզէն ներս, ինչպէս նաեւ իր ցուցաբերած զօրակցութիւնը՝ կիպրական հարցին: Ձայնակցելով վեհափառին՝ նախագահը շեշտեց, որ հայ եւ կիպրացի ժողովուրդները ունին նո՛յն դատը եւ պէտք է շարունակեն իրենց գործակցութիւնը:

Ապա, Արամ Ա. հայրապետն ու նախագահը, ներկաներուն հետ միատեղ, ուղղուեցան Մայրավանքէն ներս գտնուող Սրբոց Նահատակաց մատուռ: Այնտեղ, վեհափառը աղօթեց մեր սրբացեալ նահատակներու աճիւններուն առջեւ եւ յիշեցուց նախագահ Անասթասիատիսին, թէ նահատակաց աճիւնները բերուած են Տէր Զօրէն, եւ թէ այս մատուռը նահատակներուն նուիրուած աշխարհի առաջին յուշարձան-մատուռն է՝ կառուցուած 1938 թուականին:

 



comments

Advertisement