Երեւանի մէջ կ՛ընթանայ Համազգայինի ամէնամեայ ուսանողական հաւաքը

By Asbarez | Friday, 07 July 2017

 

0708forum



Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ամէնամեայ ուսանողական հաւաքը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ Համազգայինի աւանդական ծրագիրներէն է: Անիկա աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ուսանող հայ համալսարանականները համախմբելու, ազգային արմատներուն ու  մշակութային հարուստ ժառանգութեան հաղորդակից դարձնելու կրթական–մշակութային ինքնատիպ ձեռնարկ է:

Համազգայինի ուսանողական հաւաքը՝ ֆորումը, այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 8էն 21: Մասնակիցները 35 հոգի են՝ Սփիւռքէն, Հայաստանէն եւ Արցախէն:

Ծրագիրի 14 օրերուն ընթացքին համալսարանական երիտասարդները առիթ պիտի ունենան հանդիպելու հայրենի մտաւորականներու, քաղաքական-հասարակական գործիչներու հետ, պիտի լսեն պատմամշակութային նիթերով դասախօսութիւններ, հայաստանցի հասակակիցներու հետ պիտի քննարկեն ժամանակակից հայ երիտասարդները յուզող զանազան հարցեր:

Հաւաքի օրերուն սփիւռքահայ ուսանողները պիտի հիւրընկալուին Երեւանի պետական համալսարանին, Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի կողմէ ու պիտի լսեն դասախօսութիւններ <<Ազգային նուագարաններ>>, <<Հայ համայնքներ>>, <<Ո՞վ  է  հայը>>,  <<Հայկական գեղանկարչութիւն>> եւ այլ նիւթերով:

Ֆորումը եռօրեայ ծրագիրով պիտի այցելէ նաեւ Արցախ, պիտի հիւրընկալուի Ազգային ժողովին մէջ եւ պիտի գտնուի Պաշտպանութեան բանակի զօրամասի մը մէջ:

 

comments

Advertisement