Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերուն հազարէ աւելի մարզիկներ պիտի մասնակցին

By Asbarez | Tuesday, 18 July 2017

0718hmem100a

Քանի մը օրէն սկիզբ կ՛առնեն ՀՄԸՄի 100ամեակին նուիրուած Համա-ՀՄԸՄական 10րդ մարզախաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 20էն 29 Յուլիս 2017ին, Երեւանի մէջ:

Չորս տարին անգամ մը տեղի ունեցող այս մարզախաղերը մեծ խանդավառութեամբ կը սպասուին բոլորին կողմէ: Իսկ 10րդ մարզախաղերը իւրայատուկ պիտի ըլլան նկատի ունենալով, որ անոնցմով սկիզբը պիտի տրուի միութեան 100ամեակի ձեռնարկներուն, որոնք պիտի երկարին մինչեւ 2018ի աւարտը:

Մարզախաղերուն կը մասնակցին 21 շրջաններ՝ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Աւստրալիա, Գահիրէ, Գանատա, Երուսաղէմ, Լիբանան, Լոնտոն, Կիպրոս, Հայաստան, Հարաւային Ամերիկա, Մարսէյ, Մոսկուա, Յունաստան, Պուլկարիա, Սուրիա, Վալանս, Քուէյթ, Ֆրանսա ու <<Արարատ>> եւ <<Նայիրի>> միութիւնները: Մասնակիցներուն թիւը արդէն իսկ անցած է 1000ի սահմանը։

Շաբաթ, 22 Յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30ին, <<Հանրապետութեան>> հրապարակին վրայ պիտի կատարուի մարզախաղերու պաշտօնական բացումը: Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրէն պիտի վառի մարզախաղերու ջահը եւ պիտի փոխադրուի <<Հանրապետութեան>> հրապարակ, ուր պիտի համախմբուին տողանցող մասնակիցները, պաշտօնական հրաւիրեալներն ու ժողովուրդը: Պաշտօնական բաժինի աւարտէն ետք տեղի պիտի ունենայ երգահանդէս, նաեւ՝ հրավառութիւն:

Մարզախաղերուն ընթացքին նկատի առնուած են նաեւ յատուկ դաստիարակչական ծրագիրներ, հայոց բանակի զօրակցութեան համար զօրամաս այցելութիւն, ինչպէս նաեւ ընկերային պահեր:

Փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը տեղի պիտի ունենայ <<Միքա>> մարզադաշտին մէջ, Շաբաթ, 29 Յուլիսին: Իսկ նոյն օրը երեկոյեան, մարզախաղերը իրենց աւարտին կը հասնին Յաղթանակի պարահանդէսով:

Յատուկ պահեր եւ յիշատակներ, ինչպէս նաեւ յաջորդող օրերուն կը սպասուին նուաճումներ, որոնք պիտի ճոխացնեն միութեան հաստափոր 100ամեայ պատմութեան էջերը՝ միշտ ՀՄԸՄի յատուկ կապուածութեամբ ու եղբայրական ոգիով:

 


comments

Advertisement