Քլունիի հիմնադրամն ու ՄԱԿը պիտի նպաստեն Լիբանան ապաստանած Սուրիացի գաղթականներուն կրթութեան ապահովման

By Asbarez | Thursday, 03 August 2017

0803clooney

ՄԱԿ - Օգոստոս 2ին, Քլունիի անուան հիմնադրամը յայտարարեց, թէ համագործակցութեամբ ՄԱԿի կրթական բաժանմունքին, <<Կուկըլ>>ի եւ <<Էյչ.Փի.>>ի, մօտաւորապէս 3 միլիոն տոլար պիտի տրամադրէ Լիբանան ապաստանած սուրիացի գաղթականներուն կրթութիւն ապահովելու ջանքերուն։ Այս համագործակցութեան շնորհիւ պիտի կը բացուին հանրակրթական 7 դպրոցներ, որոնք մօտաւորապէս 3000 գաղթական երեխաներու պիտի սպասարկեն։

<<Հազարաւոր սուրիացի երիտասարդներու ապագան վտանգուած է, սակայն կրթութիւնը կրնայ այս իրողութիւնը փոխել: Ա՛յս է նշեալ նախաձեռնութեան նպատակը>>, ըսած են Ճորճ եւ Ամալ Քլունիները:

Լիբանանի կրթութեան նախարար Մարուան Համատէ ողջունած է այս նախաձեռնութիւնը։

Յիշենք, որ աւելի քան մէկ միլիոն սուրիացի գաղթականներ Լիբանան ապաստանած են, եւ հոն գրեթէ 200,000 սուրիացի երեխաներ դպրոց յաճախելու առիթ չունին։

 

comments

Advertisement