By Asbarez | Friday, 04 August 2017
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Անիի աւերակները, որոնք վերջերս ԵՈԻՆԵՍՔՕի համաշխարհային մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ առնուած էին, իրենց վրայ կեդրոնացուցած են թէ՛ մասնագէտներու եւ թէ զբօսաշրջիկներու ուշադրութիւնը։
Անին, որ ծանօթ է իբրեւ <<1001 եկեղեցիներու քաղաք>>, <<աշխարհի քաղաք>> կամ <<քաղաքակրթութեան օրրան>>, տոկալով հազարամեակներու պատմութեան՝ կը շարունակէ իր ճարտարապետական կոթողներով ու հիասքանչ համայնապատկերով գրաւել զբօսաշրջիկներն ու մասնագէտները։
Ամենափրկիչ եկեղեցին, Անիի Մայր տաճարը, Տիգրան Հոնենց եկեղեցին, Փահլաւունի եկեղեցին եւ ուրիշներ անօրինակ տեսարան մը կը սփռեն այցելուներու աչքին առաջ։
ԵՈՒՆԵՍՔՕի որոշումէն ետք, Անիի զբօսաշրջիկներուն թիւը կրկնապատկուած է, մինչ երկրի մշակոյթի ու զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը կը փորձէ արագացնել Անիի աւերակները պահպանութեան տակ առնելու ծրագիրին գործադրութիւնը։
Ըստ մասնագէտներու՝ Անին իսկապէ՛ս համաշխարհային ժառանգութիւն է ու մեծ կարեւորութիւն ունի Կարսի ու շրջակայքին համար, ուստի՝ կը ծրագրուի այս վայրը մէկ-երկու տարուան ընթացքին առաւել բարեկարգ վիճակով դնել այցելուներու տրամադրութեան տակ։
comments
Australia Live by Armenia Media: Victor Karapetyan
Australia Live by Armenia Media: Professor Navoyan
Australia Live By Armenia Media: Reverend Sarkissian
Australia Live By Armenia Media: Zarouhi Manoukian
Australia Live By Armenia Media: Hayk Arsenyan
Australia Live By Armenia Media: Hasmik Movsisyan & Zhanna Nazaryan
Australia Live By Armenia Media: Sarkis Yedelian
Australia Live By Armenia Media: Kaylar Michaelian
Australia Live By Armenia Media: Kevork Vartanian & Harmig Hagopian
Australia Live By Armenia Media: Margaret Chater and Houri Demirdjian