Աւստրիահայ յայտնի սրտանօթաբանը Ստեփանակերտի մէջ անվճար վիրահատութիւններ կ՛իրականացնէ

By Asbarez | Saturday, 12 August 2017

0812araoughourlian

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ - Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութեան հրաւէրով, Օգոստոս 10ին, Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոց այցելեց սրտանօթաբան Արա Ուղուրլեան:

<<Արցախփրէս>>ի հետ զրոյցի մը ընթացքին Արա Ուղուրլեան յայտնեց, որ այցի առաջին օրը պիտի հետազօտեն հիւանդները, իսկ մինչեւ Օգոստոս 13, անհրաժեշտութեան պարագային, պիտի կատարեն վիրահատութիւններ: Նշենք, որ բժշկական օգնութիւնը պիտի ըլլայ անվճար եւ կը նախատեսուի 10-12 վիրահատութիւն:

Ա. Ուղուրլեան ըսաւ, որ սրտանօթային հիւանդութիւններու պարագային, լրիւ բուժում չի կատարուիր, քանի որ հիմնական հարցերը կը յառաջանան ծխելէն եւ շաքարախտէն

Արա Ուղուրլեան կ՛աշխատի Ստեփանակերտի հանրապետական հիւանդանոցի սրտանօթաբան եւ վիրաբոյժ Դաւիթ Խաչատրեանի հետ: Վերջինս, իր կարգին, յայտնեց, որ հիւանդները հաւաքագրած են նախօրօք եւ ընտրած են այնպիսիները, որոնք ունին միայն զարկերակային ախտանիշ, քանի որ անոնց պէտք է ցուցաբերուի բարձր ճարտարագիտական միջամտութիւն: <<Այդ նպատակով պարոն Ուղուրլեան իր հետ բերած է կարգ մը սարքեր, որոնցմէ մեր մօտ չկան>>, ըսաւ Դ. Խաչատրեան:

Նշենք, որ Արա Ուղուրլեան ծնած է Թուրքիա, սակայն կը բնակի եւ կ՛աշխատի Աւստրիոյ մէջ, ուր ունի բարձրորակ մասնագէտի համբաւ:

 



comments

Advertisement