Թուրքիա կը փորձէ միջամտել Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան. Թիլըրսըն

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

0817rex COLOR

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն Օգոստոս 15ին ներկայացուցած է նախարարութեան տարեկան զեկոյցը՝ աշխարհի մէջ կրօնական ազատութեան վերաբերեալ։

Թիլըրսըն ըսած է, որ կրօնական ազատութեանց արտակարգ սահմանափակումներ կան յատկապէս <<Իսլամական պետութիւն>> կոչուած ահաբեկչական խմբաւորման հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններուն մէջ, ուր եզիտիներն ու քրիստոնեաները, լաւագոյն պարագային՝ յատուկ հարկ կը վճարեն, սակայն յաճախ կը սպաննուին, կը բռնաբարուին, կամ կը վաճառուին իբրեւ ստրուկներ:

Թիլըրսըն նշած է. <<<<Իսլամական պետութեան>> զինեալները ցեղասպանութիւն գործադրած են եզիտիներու, քրիստոնեաներու եւ շիի իսլամներու դէմ>>: Ան շեշտած է, թէ լուրջ խնդիրներ կան նաեւ Սէուտական Արաբիոյ, Չինաստանի, Փաքիստանի, Սուտանի, Իրանի եւ Թուրքիոյ մէջ։

<<Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնները կը շարունակեն սահմանափակել որոշ կրօնական փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն մարդկային իրաւունքները, իսկ որոշ համայնքներու մէջ կը շարունակուին կրօնական սեփականութեան շուրջ վէճերը>>, ըսած է ան։

Զեկոյցին մէջ նշուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հայցը, որ կը պահանջէ վերադարձնել 1915 թուականին ապօրինի կերպով գրաւուած Սիսի կաթողիկոսական նստավայրը: 2016 Յունիսին, Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանը մերժած էր հայցը՝ ընթացակարգային պատճառներով, սակայն, Դեկտեմբերին, հայցուորը դիմած էր Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Զեկոյցը կը յիշէ նաեւ, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները դադրեցուցած են կրօնական ծիսակատարութիւնները Աղթամար կղզիի հայկական Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր պատարագ կատարել կ՛արտօնուի տարին մէկ անգամ միայն:

<<Ակօս>> կը գրէ, թէ զեկոյցին մէջ անդրադարձ կատարուած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին եւ նշուած է, որ պետութիւնը կը փորձէ միջամտել ընտրութիւններուն: Հոն յիշատակուած է նաեւ Տիգրանակերտի Սուր շրջանին մէջ եկեղեցիներու պետականացման պարագան. մասնաւորապէս ըսուած է, թէ կը սպասուէր, որ շրջանին մէջ տեղի ունեցած զինեալ բախումներուն իբրեւ հետեւանք մեծ վնասներ կրելէ ետք՝ այդ եկեղեցիները անյապաղ վերադարձուէին համապատասխան համայնքներու հիմնարկներուն:

<<Ոչ-իսլամներուն մեծ մասը կ՛ապրի Պոլսոյ եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ: Յստակ թիւեր չենք գիտեր, բայց համայնքներուն ներկայացուցած տուեալներով՝ Թուրքիոյ մէջ կ՛ապրի 90 հազար հայ, որոնցմէ 60 հազարը Թուրքիոյ քաղաքացի է, իսկ մնացեալը ապօրինի կարգավիճակով կը գտնուին հոն: Մնացեալ ոչ-իսլամ համայնքներուն թիւերը հետեւեալն են՝ 17 հազար հրեայ, 2500 կաթոլիկ յոյն, 25 հազար ուղղափառ ասորի, 22 հազար եզիտի, 15 հազար ռուս, 5000 Եհովայի վկայ եւ 2000 ուղղափառ յոյն>>, նշուած է զեկոյցին մէջ:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Պոլսոյ Թուզլա շրջանին մէջ գտնուող հայ որբերու ճամբարը՝ <<Քամփ Արմէն>>ը հայկական համայնքին վերադարձնելու հարցին, նշելով, որ այդ իրաւունքին վերատիրանալու համար համայնքը պայքարած է 175 օր:

Յիշեցնելով, որ կրօնական ազատութեան սահմանափակումը ծայրայեղականութիւն եւ կրօնական արմատականութիւն ծնող հիմնական պատճառն է՝ Թիլըրսըն ըսած է, որ Թուրքիոյ մէջ ոչ-սիւննի իսլամները եւս պետութեան կողմէ պաշտպանուած չեն: Արդարեւ, սպառնալիքներու թիրախ են նաեւ ալաուիները, հրեաները, ինչպէս նաեւ բողոքականները։ Ան արտայայտուած է նաեւ կիւլենականներուն հետ կապ ունենալու մեղադրանքով Թուրքիոյ մէջ բանտարկուած ամերիկացի հոգեւորական Էնտրու Պրանսընի ձերբակալութեան մասին՝ այդ արարքը անօրինական քայլ նկատելով:

Նաեւ, Թիլըրսըն ըսած է, թէ Ատրպէյճանի մէջ, 2016ին ձերբակալուած են կրօնական 86 առաջնորդներ, որոնք քաղաքական բանտարկեալ կը նկատուին տեղական դիտորդներու կողմէ: <<Իշխանութիւնները կը շարունակեն փակել կրօնական հաստատութիւնները եւ խափանել կրօնական ծառայութիւնները>>, նշուած է նախարարութեան զեկոյցին մէջ։

 



comments

Advertisement