Փայլան խորհրդարանի նախագահութեան կը դիմէ՝ Պոլսոյ նոր գիշերապահներուն հարցով

By Asbarez | Friday, 18 August 2017

0818Bahag

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> -  Քանի մը օրէ ի վեր, Թուրքիոյ մէջ բաւական աղմուկ բարձրացած է այն գիշերապահներուն գծով, որոնք Պոլսոյ փողոցներուն մէջ գործելու սկսան այս շաբաթասկիզբը։

Գիշերապահներուն վերադարձը տեղի տուաւ ծանր բանավէճի մը, որ ծնունդ առաւ յատկապէս Պոլսոյ ոստիկանութեան տնօրէն Մուսթաֆա Չալըշքանէի մէկ յանձնարարականէն։ Արդարեւ, ան գիշերապահներուն յաջողութիւն մաղթելու առընթեր՝ հրահանգած էր. <<Եթէ հարկ տեսնէք, բնա՛ւ մի վարանիք ձեր զէնքերը գործածելէ>>։

Այս գծով իր մտահոգութիւնը յայտնած է նաեւ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան, որ խորհրդարանի նախագահութեան դիմելով՝ հետեւեալ հարցումներուն պատասխան խնդրած է.

– Յիշեալ գիշերապահները քանի՞ օրուան ու ինչպիսի՞ մարզումէ անցած են, եւ անոնք ի՞նչ չափանիշներով ընտրուած են։

– Անոնք մարդկային իրաւունքներու յատուկ կրթութիւն ստացա՞ծ են։

– Ճիշդ կը գտնէ՞ք, որ տակաւին առաջին քայլերէն իսկ անոնք զէնք գործածելու իրաւասու ըլլան։

– Ինչպիսի՞ կարգադրութիւն մը նախատեսուած է, որպէսզի գիշերապահները, իրենց զէնքերը գործածելու մասին տրուած հրահանգէն ետք՝ այդ զէնքերը չգործածեն կամայական կերպով։

 



comments

Advertisement