Աւելի քան քսան Հայ ընտանիքներ տնազուրկ եղան Թեքսասի Հարվի ջրհեղեղէն

By Asbarez | Saturday, 09 September 2017

0908houston1

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Միացեալ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Շրջանային վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնները կը յայտնէ բոլոր անոնց, որոնք անմիջապէս արձագանգեցին իր կոչին եւ կատարեցին մարդկային իրենց պարտքը՝ սրտաբուխ իրենց նուիրատուութիւնները կատարելով <<Հարվի>> ջրհեղեղին իբրեւ հետեւանք Թեքսասի եւ յատկապէս Հիւսթընի աղէտեալներուն:

Բնութեան այս աղէտին իբրեւ հետեւանք, Հիւսթընի շրջանին մէջ աւելի քան քսան հայ ընտանիքներ եւս անվերադարձ վնասներու ենթարկուած են. անոնցմէ շատերը կորսնցուցած են իրենց բնակարանները եւ այժմ կեցութեան մեծ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն:

ՀՕՄի Հիւսթընի <<Շողեր>> մասնաճիւղը գործի լծուած է եւ ամէն ճիգ կը թափէ օգտակար հանդիսանալու համար այդ հայ ընտանիքներուն, որոնք տնազուրկ դառնալով՝ մտահոգիչ անորոշութեան մէջ կ՛ապրին:

ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան դրամահաւաքի արշաւը կը շարունակուի: Շրջանի ՀՕՄի մասնաճիւղերը, պատահածին լրջութենէն մեկնած՝ կը փորձեն իրենց լաւագոյնը տալ փրկարար այս նպատակին համար:

<<<<Հարվի>> ջրհեղեղի աղէտեալներուն համար վարչութեանս նախաձեռնած դրամահաւաքի արշաւէն հանգանակուած գումարը ամբողջութեա՛մբ պիտի տրամադրուի Հիւսթընի այն հայ ընտանիքներուն, որոնք տնազուրկ դարձած են եւ նիւթական օգնութեան խիստ կարիք ունին: Այս առիթով, անգամ մը եւս կոչ կ՛ընենք շրջանի հայութեան՝ դրական արձագանգելու մեր կոչին եւ իրենց տուրքէ զուրկ նուիրատուութիւնները անյապաղ ղրկելու ՀՕՄին, որպէսզի մենք ալ մեր կարգին կարենանք հասցնել զանոնք իրենց նպատակին: Իւրաքանչիւր լումայ իր օգտակար դերը պիտի ունենայ վնասուած այս ընտանիքներուն վերականգնման մէջ>>, այս առիթով սրտցաւ արտայայտուեցաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեան:

ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակի հասցէն է՝ ARS of Western USA, 517 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91202-2812։

Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք կատարել նաեւ PayPal-ով, ՀՕՄի կայքին միջոցաւ՝ www.arswestusa.org:

Աղէտահար Հիւսթընի հայութիւնը մեր բոլորին օգնութեան կարիքը ունի: Ձեր նուիրատուութիւններով կարելի պիտի ըլլայ թեթեւցնել անոնց կորուստները: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար, հեռաձայնել ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւով, կամ դիմել office@arswestusa.org ե-նամակի հասցէին:

ՀՕՄի ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանը հիմնուած է 1984ին, իր կեդրոնատեղին ունենալով Քալիֆորնիոյ նահանգի Կլենտէյլ քաղաքին մէջ: Անիկա 26 մասնաճիւղերով մարդասիրական կազմակերպութիւն մըն է՝ չորս նահանգներու մէջ գործող աւելի քան 1200 անդամներով: Շրջանի ՀՕՄը ունի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունք, հոգեբանական կեդրոն, եւ կը հովանաւորէ պատանեկան-երիտասարդական զանազան ծրագիրներ, կրթանպաստներ եւ այլ նպաստներ: Մանրամասնութիւններու համար, հաճեցէք այցելել ՀՕՄի www.arswestusa.org կայքը կամ հեռաձայնել (818) 500-1343 թիւին:

 

ՀՕՄ-Ի ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ

ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ

ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 



comments

Advertisement