Վենետիկի Մէջ Նշուեցաւ Մխիթարեան Միաբանութեան 300ամեակը

By Asbarez | Wednesday, 13 September 2017

0913san-lazaro-church

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ նշուեցաւ հայկական մշակոյթի համաշխարհային կեդրոնի վերածուած Մխիթարեան միաբանութեան 300ամեակը։ Այս առիթով,  Ս. Ղազար եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, որ ուղեկցուեցաւ տուտուկի հնչիւններով՝ Արամ Իփեքճեանի կատարումով:

Պատարագին ներկայ եղան Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպան Միքայէլ Մինասեան, Իտալիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Վիքթորիա Պաղտասարեան եւ բարձրաստիճան հիւրեր՝ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:

Վենետիկի Սուրբ Մարկոս տաճարին մէջ նոյնպէս երեկոյեան ժամերգութեամբ նշուեցաւ մշակութային այս կեդրոնի երեքդարեայ ներկայութիւնը: Պատարագէն առաջ, Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիա վերյիշեց Մխիթարեան միաբանութեան ամբողջ պատմութիւնը:

<<Մխիթարեան միաբանութեան պէտք է երախտապարտ ըլլանք, որովհետեւ անիկա ոչ միայն պահպանեց հայկական մշակոյթը, այլ նաեւ նպաստեց մեր մշակոյթի պահպանման>>, ըսաւ ան:

Մխիթարեան միաբանութեան՝ Վենետիկի Սուրբ Ղազար կղզիին մէջ հաստատման 300ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ յատուկ ցուցադրութիւն մը, ուր ներկայացուեցան Մայր վանքի ամբողջ պատմութիւնը:

Միաբանութեան 300ամեակին առիթով շնորհաւորական ուղերձ յղած էր Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ հաստատելով միաբանութեան ունեցած անգնահատելի դերը՝ հայապահպանման գործին մէջ, որով դարձած է աշխարհի մէջ հայ ժողովուրդի հեղինակաւոր ներկայացուցչութիւն։ <<Գտնուելով Եւրոպայի սիրտին մէջ՝ Մխիթարեան միաբանութիւնը հայ մշակոյթը հաղորդակից դարձուցած է Արեւմուտքին, եւ՝ փոխադարձաբար>>, գրած էր ան:

Նշենք, որ Մխիթարեան միաբանութիւնը հրատարակած է բազմաթիւ հայագիտական-բանասիրական, կրօնական եւ գիտական աշխատութիւններ ու արժէքաւոր հատորներ: Ս. Ղազարի մէջ միաբանները հիմնած են վարժարան, գրադարանի հիմքի վրայ ստեղծած մատենադարան, որուն ձեռագիրները 5000ի կը հասնին, իսկ տպագիրները՝ 100,000ի:

 



comments

Advertisement