Քիւրտիստանի Հայերը կողմնակից են անկախութեան. Երուանդ Արմէնեան

By Asbarez | Tuesday, 26 September 2017

0926yervant

Իրաքեան Քիւրտիստանի խորհրդարանի հայ երեսփոխան Երուանդ Արմէնեան յայտնած է, թէ Քիւրտիստանի մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւնները մտադիր էին Սեպտեմբեր 25ին քուէարկելու անկախութեան ի նպաստ:

Ան <<Թեր>>չի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ եթէ Քիւրտիստանի անկախութիւնը հռչակուի, ապա քրտական կառավարութիւնը պիտի բանակցի Պաղտատի հետ՝ իմանալու համար, թէ Իրաքի իշխանութիւնները կ՛ընդունի՞ն հանրաքուէին արդիւնքները, թէ ոչ:

Խօսելով հանրաքուէին նկատմամբ Քիւրտիստանի հայ համայնքի դիրքորոշման մասին՝ Արմէնեան ըսած է. <<Գրեթէ 3000 հայ կայ Քիւրտիստան: Այնտեղ եւս հայ ժողովուրդը անկախութիւն կը ցանկայ: Ինչո՞ւ… Որովհետեւ Քիւրտիստանի այսօրուան իշխանութիւնները հայերուն կողքին են, հայերուն համար յատուկ եկեղեցիներ, մշակոյթի կեդրոններ ու սրահներ կը կառուցեն: Մենք այսօր Քիւրտիստանի խորհրդարանին մէջ մէկ աթոռ ունինք եւ բոլո՛ր իրաւունքները կը վայելենք, ըլլան անոնք կրթական, մշակութային թէ ազգային: Իրաւունք ունինք մեր տօները նշելու: Օրինակ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակը մեծ ազատութեամբ նշեցինք>>:

Ան նաեւ նկատել տուած է, որ քիւրտերը այսօր կը գիտակցին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրման մէջ իրե՛նք եւս մեղք ունեցած են. <<Իրենք կը գիտակցին իրենց սխալին եւ կ՛ամչնան իրենց նախնիներուն ըրածին համար: Թերեւս, ձեւով մը կը փորձեն իրենց մեղքը քաւել, անոր համար ալ այսօր մեզի այսքա՛ն իրաւունք կը շնորհեն>>:

Արմէնեան նաեւ յիշեցուցած է, թէ Հայաստանի կառավարութիւնը Քիւրտիստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է արդէն եւ հոն բացած է իր հիւպատոսարանը: Ըստ Արմէնեանի՝ Քիւրտիստանի հայերը կողմնակից են անկախութեան, քանի որ Քիւրտիստանի իշխանութիւններէն ակնկալիքներ ունին՝ Արցախի վերաբերեալ. Արցախի կարգավիճակը նո՛յնն է, ինչ Քիւրտիստանինը: Անոր կարծի քով՝ եթէ միջազգային մակարդակով ընդունուի Քիւրտիստանի կարգավիճակը, ապա կարելի է ըսել, որ Արցախը եւս կրնայ անկախ ճանչցուիլ միջազգային հանրութեան կողմէ:

 



comments

Advertisement