ՀՅԴ Եւրոպայի եւ միջին արեւելքի մարմիններու ռայոնական ժողովի

By ARF | Tuesday, 03 October 2017

ՀՅԴ Բիւրոյին հրաւէրով, 30 Սեպտեմբեր եւ 1 Հոկտեմբեր 2017ին, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի եւ Միջին Արեւելքի տարածաշրջաններու ՀՅԴ Մարմիններու Ռայոնական ժողովը, որուն կը մասնակցէին երկու տասնեակ երկիրներէ ներկայացուցիչներ:

Ժողովին ներկայ էր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը, Բիւրոյի անդամներ եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը:

Երկու օր տեւած քննարկումներուն ընթացքին, նախ ՀՅԴ Բիւրօն ներկայացուց նախորդ մարմիններու խորհրդաժողովէն մինչեւ օրս երկարած իր միամեայ գործունէութեան տեղեկագիրը, որուն լոյսին տակ կատարուեցաւ համապարփակ քննարկում:

Ապա ժողովը հանգամանօրէն զբաղուեցաւ շրջաններու կազմակերպական, քաղաքական եւ յարաբերական օրակարգերով:

Ժողովը անդրադարձաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակին առիթով կազմակերպուելիք ձեռնարկներուն եւ նախաձեռնութիւններուն ու այս իմաստով նաեւ ներկայացուց առաջարկներ:

Ռայոնական ժողովը իրազեկ դարձաւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքի վերջին զարգացումներուն եւ այս ծիրէն ներս գնահատեց համախոհական կառավարութեան մասնակցութիւնը եւ ցարդ ձեռք բերուած արդիւնքը, իսկ յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձան Արցախեան հարցի վերջին զարգացումները:

Լուսարձակի տակ առնուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի բանակներուն հզօրացման անհրաժեշտութիւնը, շեշտը դրուեցաւ բանակին հանդէպ ցուցաբերուելիք համաժողովրդային նեցուկին ու զօրակցութեան ամրապնդման վրայ: Կարեւորութեամբ քննարկուեցան Հայաստանի տնտեսական հզօրացման եւ ընկերային կենսամակարդակի բարձրացման հարցերը:

Ռայոնական ժողովը կենսական նկատեց Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութեան նոր որակ ու հնչեղութիւն տալու առաջադրանքը եւ այս ծիրէն ներս՝ Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած հարցերն ու մարտահրաւէրները համահայկական մնայուն ուշադրութեան կեդրոնին արժանացնելու հանգամանքը:

Ժողովը անդրադարձաւ նաեւ նոր ծրագիրներուն եւ վերջին շրջանին ստեղծուած աշխատանքային նոր գործադաշտերուն: Կազմակերպական յաւելեալ հզօրացման ուղղութեամբ, ժողովը ներկայացուց նոր առաջարկներ:

 

ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ

 


comments

Advertisement