Բախում Ջաւախքահայերու եւ Վրացի ոստիկաններու միջեւ

By Asbarez | Tuesday, 03 October 2017

1003javakhk

ԱԽԱԼՔԱԼԱՔ - Ջաւախքի հայաբնակ Գումբուրդօ գիւղին մօտ բախումներ տեղի ունեցան Վրաստանի ոստիկանութեան յատուկ նշանակութեան գումարտակի ծառայողներու եւ տեղացի հայերու միջեւ:

Բախումին պատճառը 10րդ դարու հայկական եկեղեցւոյ բակին մէջ խաչքար տեղադրել չարտօնելն էր տեղւոյն իշխանութիւններուն կողմէ:

Jnews.ge կայքը կը տեղեկացնէ, որ վրացի յատուկ ջոկատայիններու հետ բախումներուն ընթացքին ծեծի ենթարկուած են հայ բնակիչներ: Նախնական տեղեկութիւններով՝ երկու անձեր ձերբակալուած են: Վրաստանի ներքին գործոց նախարար Կէորկի Մեջեպիշվիլիի հետ բանակցութիւներէ ետք,  գիւղացիները համաձայնած են ցրուիլ, երբ ձերբակալուածները ազատ արձակուին:

Բնակիչները յայտարարած են, որ եկեղեցւոյ բակը խաչքար տեղադրելու հարցը պիտի քննարկեն ոչ թէ ոստիկանապետին, այլ հոգեւորականներու մակարդակով:

1003javakhk5

Յիշեալ դէպքին կապակցութեամբ իր <<ֆէյսպուք>>ի էջին վրայ ջաւախահայ քաղաքական-հասարակական գործիչ Վահագն Չախալեան գրած է. <<Մտահոգիչ է եւ դատապարտելի. պէտք է խուսափել իրավիճակի յետագայ լարումից… ե՛ւ ժողովուրդը ե՛ւ ուժային կառոյցի ներկայացուցիչները պէտք է լինեն զուսպ եւ հեռատես… եւ վերջապէս պէտք է հասկանանք, որ երբ եղած խնդիրները չեն լուծւում եւ անվերջ յետաձգւում են անորոշ ժամանակով, դա որոշներին հնարաւորութիւն է տալիս խաղալ զգացմունքների վրայ>>:

Նշենք, որ ձերբակալուած երկու գիւղացիները ազատ արձակուած են եւ վերադարձած տուն:

Այս միջադէպին առիթով, Սամցխէ-Ջաւախքի վերլուծական կեդրոնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսուի.

<<30 Սեպտեմբերին, Ախալքալաքի շրջանի Գումբուրդօ գիւղին մէջ տեղի ունեցած միջադէպը անգամ մը եւս կը վկայէ, որ Վրաստանի մէջ վիճելի համարուող հայկական եկեղեցիներուն հարցը՝ Դամոկլեան սուրի պէս կախուած է հայ-վրացական յարաբերութիւններուն վրայ:

1003javakhk1

Կոչ կ՛ընենք իրաւապահ մարմիններուն եւ, միւս կողմէ, Գումբուրդօ գիւղի ժողովուրդին չենթարկուելու նոր սադրանքներու ու յառաջացած հարցերը կարգաւորելու երկխօսութեան միջոցով: Անհրաժեշտ է, որ նման բարդ պայմաններու մէջ պահպանուի հասարակական կարգն ու յարգուի երկրի օրէնսդրութիւնը: Միւս կողմէ, պէտք է երկրի օրէնքը յարգուի նաեւ Վրաստանի ուժային կառոյցներուն կողմէ եւ բացառուի նման իրավիճակներու մէջ ժողովուրդին հանդէպ ուժի կիրառման հնարաւորութիւնը:

Նոյն ատեն կոչ կ՛ընենք Վրաստանի իշխանութեան՝ վերջապէս լսելու միջազգային կառոյցներու կոչերը, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գքրծոց նախարարութեան Վրաստանի վերաբերեալ բազմաթիւ զեկոյցները եւ լուծում տալու վիճելի համարուող եկեղեցիներու հարցին: Համոզուած ենք, որ Վրաստանի բռնած ուղին դէպի եւրոպական ապագայ պիտի օգնէ երկրի իշխանութիւններուն լուծել տալու վիճելի համարուող հայկական եկեղեցիներու հարցը:

Հարկ է նշել, որ Քումպուրտօ գիւղին մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը վկայէ, որ նման վտանգաւոր իրավիճակներէն վաղը հեշտօրէն կրնան օգտուիլ Վրաստանի հանդէպ թշնամաբար տրամադրուած արտաքին ուժեր, որոնք փոքրիկ սադրանքներու միջոցով պիտի փորձեն ապակայունացնել իրավիճակը մեր շուրջ: Եւ այդ իսկ պատճառով, անհրաժեշտ է շատ արագ վերջապէս լուծում տալ վիճելի դարձած եկեղեցիներու երկարաձգուող հարցին:

Վրաստանի մէջ գտնուող հայկական եկեղեցիները ո՛չ միայն հայ ժողովուրդի մշակութային ժառանգութիւնն են՝ այլ նաեւ Վրաստանի պետութեան բազմամշակոյթ հարուստ ժառանգութեան վկայութիւնն են, զորս վերադարձուելով իրենց տէրերուն կրկին պիտի մնան Վրաստանի տարածքին մէջ եւ ծառայեն Վրաստանի հայ քաղաքացիներու կրօնական կարիքներուն>>:

1003javakhk2


comments

Advertisement