ՀՕՄը նեցուկ կը կանգնի ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման օրինագիծին

By Asbarez | Wednesday, 25 October 2017

ars new logo 2008

ՈՒՈԹԸՐԹԱՈՒՆ, Մեսեչուսեց - ՀՕՄը յայտարարութեամբ մը ողջունած է այս ամսուան ընթացքին Հայաստանի խորհրդարանին ներկայացուած <<Ընտանեկան բռնութեան կանխարգելման>> օրինագիծը՝ յոյժ կարեւոր նկատելով անոր վաւերացումով նման ոճիրներու քրէականացումը։

Նման օրինագիծ մը արդէն իսկ ուշացած նկատելով՝ ՀՕՄը կը շեշտէ, թէ 1918ի Հայաստանի Հանրապետութենէն ի վեր կանանց իրաւանց պաշտպան երկիր մը պէտք է նման քայլերու դիմէր, երկիրը սեռային հաւասարութեան առաջնորդելու նպատակով։

Յիշեցնելով, որ հայոց պատմութեան ընթացքին կիները յատկանշական դերակատարութիւն ունեցած են՝ ՀՕՄը կը շեշտէ, թէ անոնց պաշտպանութեան ապահովումը տարրական քայլ պէտք է ըլլայ ներկայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, որպէսզի կիները կարենան ապրիլ բռնարարքէ եւ անարդար վերաբերմունքէ զերծ պայմաններու մէջ՝ ստանձնելով հասարակութեան մէջ իրենց վերապահուած դերակատարութիւնը։

<<Մեր հասարակութիւնը իր կարելին պէտք է ընէ երաշխաւորելու համար իւրաքանչիւր ընտանիքի ապահովութիւնը, եւ այս օրէնքը առաջին քայլը պիտի ըլլայ ընտանեկան բռնութեանց վերջ տալու արշաւին>>, նշուած է յայտարարութեան մէջ, որուն աւարտին կոչ կ՛ըլլայ Հայաստանի իշխանութեանց, որ ապահովեն օրինագիծին վաւերացումը՝ շեշտելով, որ կանանց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը պէտք է առաջնահերթութեան վերածուի։

 

comments

Advertisement