Ձերբակալուած է Համշէնահայ ընդդիմադիր լրագրողը

By Asbarez | Wednesday, 25 October 2017

 

1025hamshen

ԱԽԱԼՑԽԱ, <<Ախալցխա.նեթ>> - Հոկտեմբեր 22ին, ուշ գիշերով, Համշէնի Խոպա քաղաքին մէջ Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է համացանցի ընկերային ցանցերու մէջ աշխոյժ գրառումներ կատարող համշէնահայ լրագրող Նուրճան Վայիչը, որ ծանօթ է Թուրքիոյ ներկայ իշխանութիւններու հասցէին կատարած իր քննադատական յօդուածներով:

Ան յաճախ կը դատապարտէ Թուրքիոյ մէջ աճող ազգայնամոլութեան դրսեւորումները, որոնք վերջերս սկսած են վերածուելու հալածանքի կոչերու՝ թիրախ դարձնելով նաեւ համշէնի ժողովուրդը:

Վայիչի ընկերները կէս գիշերին տեղի ունեցած այս ձերբակալութիւնը որակած են <<կազմակերպուած դաւադրութիւն>>:

 



comments

Advertisement