ԿՈՉ - Աւստրալիոյ Լիբանանահայութեան

By ARF Australia | Sunday, 05 November 2017

 

Մայիս 6, 2018-ին, Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենան երեսփոխանական ընտրութիւններ: Լիբանանի խորհրդարանի որոշումով, առաջին անգամ ըլլալով արտասահման ապրող բոլոր լիբանանցիները պիտի կարենան քաղաքացիական իրենց պարտականութիւնը կատարել՝ քուէարկելով իրենց բնակած վայրերուն մէջ:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ Լիբանանի քաղաքացիութիւն ունեցող բոլոր Աւստրալահայերուն՝ մինչեւ Նոյեմբեր 20, 2017 լրացնել քուէարկութեան ելեկտրոնային հարցաթերթիկը ու արձանագրուիլ ընտրական գործընթացին:

Դիւրացնելու համար աշխատանքը, կեանքի կոչուած է «Աւստրալիոյ Լիբանանահայ Ընտրական Յանձնախումբ» որ արդէն լծուած է գործի:

Սիտնիաբնակ հայրենակիցները կրնան ներկայանալ Հայ Մշակութային Կեդրոն - 259 Penshurst St Willoughby NSW 2068.-

  • Երկուշաբթի 6 եւ Չորեքշաբթի 8 Նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 7-էն 9
  • Երկուշաբթի 13 եւ Չորեքշաբթի 15 Նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 7-էն 9

Մելպուրնի մէջ ապրող հայրենակիցները կրնան ներկայանալ Հայ Կեդրոն – 8 - 14 Police Rd Springvale VIC 3171.-

  • Երեքշաբթի 14 եւ Չորեքշաբթի 15 Նոյեմբեր, երեկոյեան ժամը 7:30-էն 9:30

Ձեր հետ պէտք է ունենալ Աւստրալիական եւ Լիբանանեան փաստաթուղթեր:

Անոնք որոնք կը փափաքին անձամբ արձանագրուիլ, ելեկտրոնային կապն է www.diasporavote.mfa.gov.lb, եւ կարելի է արձանագրուիլ մինչեւ Նոյեմբեր 20, 2017, Լիբանանեան հետեւեալ փաստաթուղթերով՝

  • Հին կամ նոր անձնաթուղթ
  • Հին կամ նոր իխրաժ քայտ
  • Հին կամ նոր ընտանեկան իխրաժ քայտ
  • Հին կամ նոր անցագիր (passport)

Սիրելի հայրենակիցներ,

Լիբանանահայութիւնը, անցնող բոլոր ժամանակներուն, մի՛շտ ցուցաբերած է արժանավայել վերաբերում Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իր քաղաքացիական օրինակելի վարկով վստահութիւնը շահած՝ բազմահամայնք Լիբանանի բոլոր թեւերուն անխտիր, եւ ներկայիս կարիքը ունի ծննդավայր Լիբանանէն դուրս ապրող իր հարազատ զաւակներու քուէներուն:

Աւստրալիայէն ձեռք երկարենք լիբանանահայութեան եւ ելեկտրոնային դրութեամբ ապահովենք առաւելագոյն արդիւնք:

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, կարող էք կապ հաստատել՝

  • Ատէլ Գրաճեան  0426236082
  • Մարգար Մկրտիչեան  0413171874 / markarm@iprimus.com.au
  • Յովիկ Տէրտէրեան (Մելպուրն)  0413 322 090


ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէ

comments

Advertisement