Ազգային Ընդհանուր Ժողովը քննեց Քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան առնչուող հարցեր

By Asbarez | Monday, 11 December 2017

1209Antelias1

ԱՆԹԻԼԻԱՍ - Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ազգային Ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներու տեղեկագիրներու ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկոյցներու միջոցով քննարկելու համար հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը ընդհանրապէս եւ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս յուզող հարցեր: Այս ծիրին մէջ, ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան:

<<Քրիստոնէական դաստիարակութիւն>> նիւթով նիստին զեկոյցներ ունեցան Լիբանանի թեմէն Ժանին Դանիէլեան, Թեհրանի թեմէն Անի Քրիսթի սարկաւագուհի Մանուէլեան եւ Բերիոյ թեմէն Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան:

Զեկուցաբերներուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներն ու առաջարկները նոյնանման էին: Ժանին Դանիէլեան Լիբանանի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատկերն ու մարտահրաւէրները ներկայացուց 4 մակարդակներու վրայ՝ կիրակնօրեայ վարժարաններու, ամէնօրեայ վարժարաններու կրօնի դասապահերու, երիտասարդական միութիւններու եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հաւաքներու: Ան հիմնականօրէն ընդգծեց կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ ամէնօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներուն՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան արդի մանկավարժական պատրաստութենէն զուրկ ըլլալու հարցը: Ապա Բերիոյ թեմէն Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ 21րդ դարու ընտանիքներուն փոխուած արժէքներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց իբրեւ հետեւանք քրիստոնէական դաստիարակութիւն ջամբելը՝ նախկին ձեւերու օգտագործումով, կը մնայ ապարդի՛ւն: Ան նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնը մէկ ամբողջութիւն է, եւ հայկական իրականութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները դերակատարութիւն ունին այս առնչութեամբ:

Ապա, Անի Քրիսթի Մանուէլեան ժողովին ներկայացուց Թեհրանի պատկերը: Ան յայտնեց, որ ծնողքը քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին դաստիարակն է, ուրեմն՝ այդ մեկնակէտով աշխատիլը կրնայ քրիստոնէական ամբողջական կրթութեան հասցնել անձը: Ան եւս շեշտեց դպրոցներու մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան մատուցման ձեւի վերանորոգման ու արդիականացման կարեւորութիւնը ու նշեց կաթողիկոսարանէն իրենց ակնկալութիւնները:

Յաջորդ նիստը յատկացուած էր <<Հայեցի դաստիարակութիւն>> նիւթին. զեկուցեցին Գանատայի թեմէն Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի թեմէն Վարդան Թաշճեան, Ատրպատականի թեմէն Անահիտ Յակոբեան եւ Քուէյթի թեմէն Ճորճ Արապաթլեան:

Գարագաշեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայեցի դաստիարակութիւնը՝ Սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանման գերխնդիրներուն ու անոր կրթական ոլորտի մարտահրաւէրներուն դիմաց: Ան Սփիւռքի զանազան գաղութներու վարժարաններուն, հայ աշակերտութեան թիւին եւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին պատկերը տուաւ՝ համեմատութիւններ կատարելով: Թաշճեան ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ Կիպրոսի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, ուր կան խառն ամուսնութիւններ, հայերէնի նահանջ եւ օտարամոլութիւն: Յակոբեան, խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մասին՝ շեշտեց երեք առանցքներ. ընտանիք, դպրոց, համայնք, եւ յայտնեց, որ դպրոցի ոլորտին մէջ կ՛իյնայ եկեղեցին, որ հայոց պատմութեան մէջ մի՛շտ ունեցած է կրթական հաստատութիւն մը ըլլալու հրամայականը: Վերջապէս, Արապաթլեան նշեց, որ Քուէյթի դրոյթը առիթ կու տայ հայ գաղութին մնալու հայկական շրջանակի մէջ, սակայն հոն ալ գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ կրթական մարզի վերանորոգումը եւ ուսուցիչներու արդար գնահատանքը:

Այս նիստերու աւարտին, Արամ Ա. վեհափառ տուաւ իր նշումները, ապա ժողովը կատարեց տարբեր քննարկումներ: Կաթողիկոսը նշեց, որ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը հիմնուած է քրիստոնէական արժէքներու հիման վրայ, հետեւաբար անկարելի է անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կրթական ոլորտներէն. ան աւելցուց, որ եթէ նախորդ տարիներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմնուած էր տեղեկութեան փոխանցման վրայ, ապա ներկայիս անիկա հիմնուած է հոգիի կրթութեան վրայ: Հայրապետը ապա բարձր գնահատեց կաթողիկոսարանի թեմերուն տարած աշխատանքը կրթական մարզին մէջ ու ընդգծեց վարժարաններու կրթական ծրագիրներու վերանորոգման, հայեցի դաստիարակութիւնը գործելադաշտ տանելու եւ համացանցի տարածքին մէջ մնալու ու գործելու կարեւորութիւնը:

 



comments

Advertisement