Էտուարտօ Էռնեկեան կը պատրաստուի իր գործառնութեան կառավարումը զարմիկին փոխանցելու

By Asbarez | Saturday, 13 January 2018

 

0000EDWARDO

<<Հայերն Այսօր>> - Յայտնի արժանթինահայ գործարար Էտուարտօ Էռնեկեան կը պատրաստուի իր գործարարութեան կառավարումը զարմիկին՝ Մարտին Էռնեկեանին փոխանցելու: Այս մասին ան յայտնեց <<Պլումպըրկ>> լրատուական ընկերութեան (Bloomberg) հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

Գործարարը կը պատրաստուի Յունուարի վերջաւորութեան վաճառել Corporacion America Airports SA ընկերակցութեան բաժնետոմսերը։ Անոր կը պատկանի աշխարհի մէջ 51 օդակայաններու կառավարման պայմանագիրը (մենաշնորհ-Հ.Ա): Բաժնետոմսերու արժէքը 750 միլիոն տոլար է: Անոր 39ամեայ զարմիկը պիտի զբաղի վաճառքով եւ պիտի կանգնի Էռնեկեանի գործառնութեան ղեկին: <<Ես այս գործարքին կը հետեւիմ այս ամիս, եւ օդակայաններուն մէջ իմ գործը կ՛աւարտի>>, յայտարարեց Է. Էռնեկեան:

Բաժնետոմսերու վաճառքը Էռնեկեանի համար նոր փուլի մը սկիզբը կը նշէ: <<Սակայն 85ամեայ ձեռներէցը, որ կ՛ըսէ, թէ ինք դեռեւս ամէն օր կը լողայ եւ եոկայով կը զբաղի, տեսադաշտէն չ՛անհետանար: Որդին հայ գաղթականներու, որոնք փախած էին 20րդ դարասկիզբի Ցեղասպանութենէն, կը նշէ, որ ամէնօրեայ պարտականութիւններու փոխանցումը զինք կ՛ազատէ գործարարութեան նոր ուղղութիւնները ուսումնասիրելու համար>>,  ըստ <<Նիուզ>>ի՝ նշուած է յօդուածին մէջ:

 



comments

Advertisement